Արամ Ա. կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան 50ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ: Լիբանանի պետական նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի, հանդէս եկաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութեան դիմաց, որմէ մաս մը եկած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ: Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Համերգին ընթացքին խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեդա Խտըշեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ պատիւ ու պարծանք ըլլալէ բացի, դժուար պատասխանատուութիւն մըն է արժեւորել սփիւռքահայ կեանքին մէջ ազգային, կրօնական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Արամ Ա. կաթողիկոսի լայնածաւալ գործունէութիւնը հակիրճ տողերով ներկայացնելով՝ Խտըշեան լուսարձակի տակ առաւ անոր կեանքին ու ծառայութեան մէջ ցուցաբերուած ամբողջական նուիրումը, հզօր անհատականութիւնը, տեսակէտ ու կեցուածք ունեցող մարդը, ինչպէս նաեւ իր հոգեմտաւոր լայն հորիզոնը հայ եկեղեցին, ազգը եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Ան անդրադարձաւ նաեւ վեհափառ հայրապետին հարուստ իրագործումներուն՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ:
Համերգի աւարտին, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, յանուն վեհափառ հայրապետին, շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի նախաձեռնութեան ու իրագործումին նպաստած ազգայիններուն եւ արուեստագէտներուն: Սրբազանը յատկապէս նշեց 50ամեակի համերգի հովանաւոր, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, որոնց շնորհիւ կայացաւ յոբելենական համերգը: Ապա, միաբանութեան անունով վեհափառ հայրապետին նուիրեց հայրապետական ասա մը, որուն արուեստագէտն է Սիմոն Առաքելեան, իսկ բարերարը՝ նախկին դպրեվանեցի Քրիստափոր Աճէմեան:
Հովանաւորի նախաձեռնութեամբ տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրերով, լիբանանեան եւ լիբանանահայ հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցչութիւններով եւ համաժողովրդային մասնակցութեամբ 9 Յունիսին արժանավայել նշումը կատարուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ծառայական առաքելութեան 50ամեակին: