ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումի մասնակիցները կը շարունակեն պահանջել կաթողիկոսի հրաժարականը:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Կիրակի օր նոյնիսկ ծեծվըռտուք տեղի ունեցաւ կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողներուն ու անոր սատար կանգնողներուն միջեւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Հայորդաց տուներու տեսուչ-տնօրէն Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան կը յայտնէ, որ առաջին անգամ չէ, որ որոշ ուժեր հանդէս կու գան եկեղեցւոյ դէմ: Ըստ անոր՝ այդ ուժերը կը փորձեն տկարացնել նաեւ եկեղեցւոյ դերը ժողովուրդի կեանքի մէջ:
Աղանդաւորական շարժումները Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած են Մայր Աթոռի թուլութեան եւ որոշ հոգեւորականներու սրբապիղծ գործունէութեան հետեւանքով՝ կը հակադարձէ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժման մասնակից Տիգրան Եղոյեան:
«Հայոց եկեղեցին մեր պատմութեան ամենահին եւ աւանդապաշտ կառոյցն է. 21րդ դարուն եկեղեցին պէտք չէ՞բարեփոխումներու ենթարկուի» հարցումին հայր Կոմիտասը արձագանգեց՝ ըսելով, որ մեր եկեղեցւոյ օրէնքով՝ կաթողիկոսը կ՛ընտրուի ցմահ: Նոյն ժամանակ ան կ՛ընդունի, որ փոփոխութիւններ, այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: