ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Զինուորական դատախազութիւնը ամփոփեց 2018ի առաջին եռամսեակի ընթացքին զինուած ուժերուն մէջ պետական շահերու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի զինուորական կեդրոնական դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան բաժնի եւ կայազօրներու զինուորական դատախազներու կողմէ իրականացուած աշխատանքները եւ անոնց արդիւնքները:
Այդ ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին 49 խախտումներ, որոնց պատճառաւ պետութեան պատճառուած է 203,324,237 դրամի վնաս: