ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ Տան» տիկնանց օժանդակ մարմինը, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օր ճաշկերոյթ մը կը կազմակերպէ հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, ի մի խմբելով համայնքի անդամները կազմակերպութեան առաքելութեան աջակցելու նպատակով։
Ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, Յունիս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալուի ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ ՀՕՄի մասնաճիւղերու եւ բարեկամներու։
Այս առիթով, Երեքշաբթի 5 Յունիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց տիկնանց մարմինի ատենապետուհի Ալիս Գաւալճեան։ Ան նշեց, որ այս ձեռնարկին ընթացքին կը նշուի նաեւ Հայրերու տօնը, ուստի շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ աւելցուց, որ այս առիթով Գրիգոր Չաքեան կ՛արժանանայ «Տարուան Հայր» պատիւին։
Յանուն Չաքեան ընտանիքին, սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալին զաւակը՝ տոքթ. Կարօ Չաքեան, իսկ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ գնահատեցին «Արարատ Տան» առաքելութիւնը։
Իր կարգին, հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Մայքըլ Սիւրմէեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ բերկրութեամբ նշեց հաստատութեան իրագործումները, մանաւանդ՝ 12 արտավար հողատարածքի մը ձեռքբերումը։
Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ «Արարատ Տան» անձնուէր անդամներն ու ՀՕՄը, որոնք նուիրեալ ծառայութիւններ կը մատուցեն մեր ժողովուրդի տարեցներուն։ Ան «Արարատ Տուն»ը կոչեց տուն մը, որ լեցուն է սիրով ու գուրգուրանքով, եւ հաստատուած է հաւատքի ու նուիրումի վրայ, միաժամանակ շնորհաւորեց նոր հողատարածքին ձեռքբերումը։ Առաջնորդը նաեւ գնահատեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անդամները, Չաքեանն ու բոլոր հայրերը՝ մաղթելով առողջ ու երկար տարիներ։