ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Կարսի մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ահմետ Արսլան յայտարարեց, որ այս տարուան վերջաւորութեան պիտի սկսի Կարս-Իգտիր-Արալըղ-Տիլուճու երկաթուղիի շինարարական աշխատանքները:
224 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիին գնացքները որոշ հատուածներու մէջ ժամական մինչեւ 160 քիլոմեթր արագութեամբ պիտի սուրան՝ ըստ նախարարին։ Արսլան նշեց, որ այս երկաթուղին աւելի ուշ պիտի միացուի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին։