ՊՈԼԻՍ.- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար կազմի հայ անդամ Մուրատ Մըհճը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրած է յառաջիկայ դպրոցական քննութիւններէն հարցում մը եւ դիմած է իր ընկերներուն՝ հարցնելով. «Այս հարցումին, իբրեւ հայ կամ իբրեւ ժողովրդավար անձ, ինչպէ՞ս կը պատասխանէիք»:
Նշուած հարցումը, որ կը վերաբերի Մուտրոսի զինադադարի համաձայնագիրին, ձեւակերպուած է այս կերպով. «Մուտրոսի համաձայնագիրով՝ Այնթապը, Մարաշը եւ Ուրֆան անցան անգլիացիներուն: Սակայն անգլիացիներն ալ զանոնք յանձնեցին ֆրանսիացիներուն: Այնուհետեւ, ֆրանսացիներն ու հայերը միասին սկսան այդ շրջաններուն մէջ ապրող թուրքերուն վրայ ճնշում ու բռնութիւններ գործադրելու»:
Հարցումին պատասխանը տակը նշուած է հետեւեալ կերպով. «Օսմանեան իշխանութեան տակ գտնուող հայերը կը համագործակցէին բռնագրաւող թշնամիներու հետ»: