ԵՐԵՒԱՆ.- Աղէտի գօտիի բնակավայրերուն մէջ, երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու բնակարանային հարցերու լուծման նպատակով, Լոռիի մարզի գիւղական բնակավայրերուն մէջ, ծրագիրի շահառու ճանչցուած 44 ընտանիքի բնակարանային խնդիրներու լուծման նկատմամբ ձեւաւորուած պարտաւորութիւններու կատարումը ապահովելու նպատակով՝ կառավարութիւնը ընդունեց համապատասխան որոշում: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Հայաստանի քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան նշեց, որ ըստ այդմ՝ ամրագրուած են Հայաստանի 2018ի պետական պիւտճէով ծրագիրի իրականացման յատկացուած 458 միլիոն դրամ յատկացումներու հաշուին շահառուներուն տրամադրուող պետական աջակցութեան մօտեցումներու եւ աջակցութեան տրամադրման գործընթացի հետ կապուած հարցերը:
Մասնաւորապէս, որոշումով կ՛առաջարկուի վերը նշուած միջոցներէն 451 միլիոն 919 հազար դրամ ուղղել Լոռիի մարզի բնակավայրերուն մէջ ծրագիրի շահառու ճանչցուած՝ առաւել բարձր պատրաստակամութեան կիսակառոյց բնակելի տուներ ունեցող 44 ընտանիքի բնակարանային հարցի լուծման նպատակով անոնց նիւթական աջակցութեան տրամադրման:
Նարեկ Սարգսեան նշեց, որ 2008ին հաշուառուած է, որ Հայաստանի մէջ կայ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած 5400 ընտանիք, որուն 4900ի խնդիրը լուծուած է այս տարիներուն ընթացքին. դեռ 500 ընտանիքի խնդիր կը մնայ չլուծուած: «Խօսքը Շիրակի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզերուն մասին է», ըսաւ ան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացուած չէ:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան, իր հերթին, նկատել տուաւ, որ դժբախտաբար այդ հաշուարկներուն մէջ հաշուի չեն առնուած Գիւմրի քաղաքին մէջ աւերուած սեփական տուները, որոնք կը հասնին քանի մը հարիւրի: