ՊԵՐԼԻՆ.- «Շենկեն» համաձայնագիրի այցագիրներու բաժանմունքին տուեալներով, Հայաստանի քաղաքացիները մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն 26 ստորագրութիւն կրող սոյն համաձայնագիրի անդամ երկիրները այցելելու նկատմամբ, հակառակ անոր որ անոնցմէ շատերը կը մերժուին։
Եւրոմիութեան անդամ 26 երկիրներու շարքին հետեւեալները ամենաշատ այցագիրները շնորհած են Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ Յունաստան, Գերմանիա, Իտալիա, Լիթուանիա, Ֆրանսա, Լեհաստան եւ Չեխիա։ Նշեալներէն՝ ամենամեծ թիւով այցագիրներ շնորհուած է Գերմանիոյ կողմէ, իսկ Յունաստան ստացած է ամենամեծ թիւով դիմումները։