ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ գործող միջազգային դաշինքը, Սուրիոյ մէջ իր դաշնակից քրտական Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը եւ իրաքցի զինուորները միասնաբար սկսած են Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին վրայ «Իսլամական պետութեան» դէմ իրականացուող զինուորական գործողութեան երկրորդ փուլին:
Դաշինքը Ապրիլի վերջաւորութեան յայտարարած էր, որ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն դէմ լայնածաւալ մարտական գործողութիւնները աւարտած են արդէն, եւ դաշնակից ուժերը այլեւս կը կեդրոնանան Իրաքի ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւններու զարգացման ջանքերուն վրայ։
«Իսլամական պետութեան» զինեալները զգալի ներկայութիւն են Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանին վրայ։