ԱՄՄԱՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Յորդանանի մէջ տուրքերու բարձրացման նոր օրինագիծին դէմ՝ կառավարութեան ու խորհրդարանի լուծարումը պահանջող բողոքի ցոյցերը եւ անոնց զուգորդուած թագաւորին պահանջը, Երկուշաբթի, Յունիս 4ին պարտադրեցին վարչապետ Հանի Մալքին, որ հրաժարի իր պաշտօնէն։ Ան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ տեղի պիտի չտայ օրինագիծը ետ քաշելու մասին աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու պահանջներուն դիմաց։
Ցոյցերը առաջին քանի մը օրերուն տեղի կ՛ունենային մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, սակայն աւելի ուշ անոնք տարածուեցան դէպի այլ քաղաքներ։
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, թէ արդար չէ, որ միայն քաղաքացին կրէ ելեւմտական բարեփոխումներուն հետեւանքները, եւ խորհրդարանին կոչ ըրաւ համապարփակ ազգային երկխօսութեան ձեռնարկելու՝ տուրքերու յաւելման օրինագիծին շուրջ համախոհութիւն յառաջացնելու համար: