Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իսրայէլի վարչապետ Բենեամին Նեթանեահու՝ մաղթելով անոր յաջողութիւն՝ Հայաստանը դէպի առաւել զարգացում եւ բարեկեցութիւն առաջնորդելու գործին մէջ: Բենեամին Նեթանեահու շնորհաւորած է նաեւ վարչապետը ու հայ ժողովուրդը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին առթիւ:
Նշելով, որ անցալ տարի Իսրայէլ եւ Հայաստան տօնեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակը՝ Բենեամին Նեթանեահու ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համերաշխութիւնը հիմնուած է երկու ժողովուրդներու համանման պատմական փորձառութեան եւ Սուրբ հողին վրայ, մասնաւորապէս՝ Երուսաղէմի մէջ, հայկական դարաւոր ներկայութեան վրայ:
«Իսրայէլ պատրաստ է Հայաստանի հետ իր համագործակցութիւնը ընդլայնելու բազմաթիւ կարեւոր ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին՝ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի, ջուրի պաշարներու կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման: Ես կ՛ակնկալեմ աշխատիլ ձեզի եւ Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ՝ զարգացնելու համար առաւել ամուր հայ-իսրայէլական գործընկերութիւն», ըսուած է Իսրայէլի վարչապետի շնորհաւորական ուղերձին մէջ: