Հայաստանի Արտաշատ շրջանի սահմանապահ ջոկատի տեղամասին մէջ, Սուրէնաւան գիւղի մօտակայքը, ռուս սահմանապահներ շաբաթավերջին ձերբակալեցին երկու անձեր, որոնք ապօրինաբար խախտած էին Հայաստանի պետական սահմանը։
Սահմանախախտները յանձնուեցան Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն։ Ներկայիս քննութիւններ կը կատարուին միջադէպի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։