ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 1ին ընդունեց Նեւատա նահանգի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանը:
Ողջունելով հիւրը՝ պետական նախարարը կարեւոր համարեց Միացեալ Նահանգներու զանազան նահանգներուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը, ինչպէս նաեւ նահանգներուն եւ Արցախի միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ուղղութեամբ աշխատանքներուն աշխուժացումը։
Այդ ջանքերուն մէջ իրենց մեծ ներդրումին համար, Յարութիւնեան երախտագիտութիւն յայտնեց ամերիկահայութեան եւ մասնաւորապէս Նեւատայի հայ գաղութին՝ ընդգծելով, որ անոնց գործօն դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ:
Պատուոյ հիւպատոսը, իր կարգին, նախարար Յարութիւնեանին փոխանցեց գիրք մը եւ յուշանուէր՝ Լաս Վեկաս գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշակոթողին մասին:
Զրուցակիցները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Արցախի տնտեսական ներուժին, ներդրումային շարք մը ծրագիրներու եւ անոնց իրագործման կարելիութեանց մասին: