ՏԷՅԹՈՆԱ, «Օրենճ Քաունթի Ռեճիսթըր».- Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, «Օրենճ Քոսթ» քոլեճի ուսանողուհի Քրիսթա Ափարտեան առաջնութիւնը խլեց Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող համայնքային քոլեճներու Բանախօսութեան եւ բանավէճի մրցանքին։
Մրցանքի տասնօրեայ աւարտական հանգրուանը կայացաւ Ֆլորիտայի մէջ, եւ ինչպէս անցեալ տարուան աւարտականին, Ափարտեան կրցաւ իր ետին ձգել բոլոր միւս մրցակիցները՝ հանդիսանալով այս մրցանքի պատմութեան մէջ միայն երկրորդ ուսանողը, որ երկու առիթներով ախոյեան կը հանդիսանայ։ Ան խլած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային մրցանքին առաջնութիւնը։
Նշենք, որ Քրիսթա Ափարտեան անդամ է Օրենճ Քաունթիի ՀԵԴի «Աշոտ Երկաթ» ուխտին. ան անգլերէն ու հայերէն երգեր կը յօրինէ ու կ՛երգէ, ինչպէս նաեւ ելոյթներ ունեցած է «Թրուպատոր», «Վայփըր Ռում» եւ այլ սրահներու բեմերէն։