ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Թայմ», «Փիու».- Վերջին մօտաւորպէս կէս դարուն, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն մօտ եկամուտի անհաւասարութիւնը անհամեմատ արագութեամբ աճած է։
Ստորեւ՝ քանի մը մտահոգիչ տուեալներ (գումարները վերարժեւորուած են տոլարի 2016ի արժէքին համեմատ).
– 2016ի տուեալներով, ամերիկեան ամենահարուստ ընկերութեանց տնօրէններուն տարեկան միջին եկամուտը 15 միլիոն տոլար է, մինչ իրենց պաշտօնեաներունը՝ 53,000 տոլար, կամ՝ մօտաւորապէս 300 անգամ աւելի ցած։ Մինչ 1975ին, այդ տուեալները յաջորդաբար 1.2 միլիոն եւ 46,000 տոլար էին, այսինքն՝ 41 տարիներու ընթացքին աշխատաւորի մը տարեկան միջին եկամուտը միայն 6000 տոլարով աճած է, մինչ տնօրէնի մը պարագային այդ ոստումը 13.8 միլիոն տոլարով եղած է։
– Մինչ 1975էն 2016ի միջեւ ամերիկացի ընտանիքներուն ամենաաղքատ 10 տոկոսին պարագային տարեկան եկամուտը 12,000էն 14,000 տոլարի բարձրացած է, ամենահարուստ 5 տոկոսին պարագային՝ այդ ոստումը 130,000 տոլարէն 225,000 տոլար եղած է։
– Միջին եկամուտ ունեցողներու դասակարգը 1970ի 62 տոկոսէն իջած է 43 տոկոսի (2014ին)։
– Մինչ 1940ին ամերիկացի երեխայ մը մօտաւորապէս 92 տոկոսի հաւանականութիւն ունէր իր ծնողներէն աւելի լաւ կենսամակարդակ ապահովելու, այդ համեմատութիւնը 50 տոկոսի իջած է 1984ին կատարուած մէկ ուսումնասիրութեան մը համաձայն. այդ համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ։