ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Յունիս 9ին, կ.ե. ժամը 4էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը, Թելմա Ղազարեան-Ալթունիի համակիրները առիթը պիտի ունենան անոր հետ հանդիպելու եւ որոշ չափով իրենց մորթին վրայ զգալու «Պետուոթըր 135» անունով ծանօթ՝ 135 մղոննոց գերմարաթոն մրցումին դժուարութիւնները։
Այս մրցումին պատրաստուելու համար անհրաժեշտ են ամէնօրեայ եւ տքնաջան մարզումներ, որոնց շարքին են՝ օրական 8-10 մղոն վազքեր, տափարակ կամ լեռնային մակերեսներու վրայ, իսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը՝ 22-25 մղոն, յաճախ նաեւ ծանրութիւններ եւ հաստ հագուստներ կրելով, մարմինը այդ պայմաններուն վարժեցնելու համար։
Յիշեցնենք, որ Թելման հանդիսացաւ առաջին հայը, որ իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու այս մրցումին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 23-25ին:
Մասնակիցները առաւելագոյնը 48 ժամ ունին ամբողջացնելու համար 135 մղոննոց այս մրցումը, որ տեղի կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Տեթ Վելի (Մահուան հովիտ) անապատի շատ տաք պայմաններուն մէջ (շուրջ 120 Ֆերընայթ): Մրցումին մէկ այլ դժուարութիւնը այն է, որ մասնակիցները յաճախ զառիվեր ու զառիվար տարածքներէ պէտք է անցնին, եւ անոր տեւողութեան ընթացքին քնանալու շատ քիչ առիթ կայ:
Փասատինայի «Ռոզպոլ» մարզադաշտին մէջ Յունիս 9ին կայանալիք հանդիպումին մասնակցիլ փափաքողները կրնան Թելմային հետ վազել անոր փորձին ընթացքին եւ առ այդ, պէտք է պատրաստ վիճակի մէջ ներկայանան։
Ֆիզիքական եւ հոգեկան երկար նախապատրաստութիւն պահանջող սոյն մրցումին համար նման փորձերը կենսական են նաեւ Թելմային ընկերակիցներուն համար, որոնք մրցումին ընթացքին ուտեստեղէն, ջուր եւ այլ կարիքներ պիտի հայթայթեն անոր։
Մրցումին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.badwater.com/event/badwater-135 կայքէջը: