ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Երկիր իմ, սէր ու գգուանք,
Հայրենիք Հայկեան.
Հայկազնեան վսեմ սխրանք,
Արտաշէս, Տիգրան:
Երկիր իմ, Վահագնեան բոց,
Լոյս Նազովրեցու.
Մաշտոցեան գիր ու դպրոց,
Վէպ Խորենացու:
Երկիր իմ, մշակոյթի
Ոսկեդար ոստան.
Հաւատոյ հանգանակի
Զոհ Կարմիր Վարդան:
Երկիր իմ, յորդաների
Պատուար ու կոխան.
Մերթ հլու, մերթ ըմբոստի
Լեռնակոփ ծխան:
Երկիր իմ, ողբի օրօր,
Լլկուած կոյս ու ահ,
Եղեռնուած, նկուն, անզօր,
Կոտորած ու մահ…
Երկիր իմ, լափող կրակ,
Հայդուկ ու հերոս,
Ռազմի երգ, մոսին ու արկ,
Ճիգով արնահոս…
Երկիր իմ, Մայիսի Այգ,
Ծփանք եռագոյն,
Կարմիր ու կապոյտ երանգ,
Բոց նարնջագոյն:
Երկիր իմ, գժտուած ու խենթ,
Թիւրիմացութիւն.
Դաւադիր եղբօր վէս տենդ,
Չար մոլեգնութիւն…
Երկիր իմ, փակուած այգի,
Վարդերով բոսոր,
Մուրճի կոփ, փայլ Մանգաղի,
Ու աստղ կարմրաւոր:
Երկիր իմ, աշխարհակոծ
Երկրաշարժ, աւար,
Մոլորուած գաղթ բազմահոծ,
Դատարկուող ամբար:
Երկիր իմ, շղթան բեկած,
Բայց շուար կրկին.
Արդարեւ, վերագտած
Եռագոյն ու հիմն:
Երկիր իմ, նոր կեանքի յոյս,
Երգ յաղթանակի.
Հայաստան, գագաթ ու լոյս,
Հանգրուան փառքի:
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ձեր Նահատակութիւնը Հայաստանի վերանկախացման ճանապարհը բացող հերոսական խիզախումներէն էր
Ձեր զոհաբերութիւնը տակաւին ճանապարհ կը բանայ դէպի մեծ երազի՝
Ազատ Անկախ, Միացեալ Հայաստանի
նպատակի իրականացումը
Պատիւ ձեզ, Լիզպոնի տղաներ
Փառք ձեզ հայ ժողովուրդի
եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հերոս զաւակներ
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԻ ԷՇԿԻԵԱՆՆԵՐ
Խօսքը Գործի Վերածելու Ժամանակն Է
Համահայկական Միաւորումը ճամբայ ելած է միաւորելու համայն հայ ազգի զաւակները՝ միացեալ, արդար, բարգաւաճ, հզօր Հայաստան կերտելու համար
Համահայկական Միաւորումը ձեռնարկած է գործնական ծրագիր մը, ստեղծելով հիմնադրամ մը՝ զուգահեռ իր կառոյցին, որ կը նպատակադրէ իրականացնել Հայաստանի տնտեսական զարգացումը, որ բանալին է ներգաղթի:
Այս ծրագրին կրնաք մասնակցիլ՝ միաւորուելով Հիմնադրամին եւ անոր ճամբով կրնաք նաեւ միանալ Համահայկական Միաւորումին:
Միասին կրնանք հրաշքներ գործել: Միացնելով մեր միջոցները՝ կը հասնինք մեր երազած յաջողութիւններուն
ՎԱՀԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԻ
ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ
www.panarmenianunity.org