ԼՈՆԿ ՊԻՉ.- Երկուշաբթի, Մայիս 21ին, «Մաշտոց» քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան արժանացաւ «Ռոթըրի» կազմակերպութեան բարձրագոյն «Բազմարդիւն սպասարկութեան մրցանակ»ին, ձեռամբ նոյն կազմակերպութեան շրջանային նախագահ Ռաղատա Խուրիի, որ միաժամանակ դրուատած է Տէր Եղիայեանի իրագործումները։
Իր կարգին, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան մրցանակը նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին, որոնց մէջ եղած են նաեւ իր նախնիներէն 41 հոգի։
Աշխարհի տարածքին խաղաղութեան համար աշխատանք տանող սոյն կազմակերպութեան մէջ, դոկտ. Տէր Եղիայեան անցեալին զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է, յատկապէս՝ նպաստելու համար Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն: Ան եղած է Քալիֆորնիոյ «Ռոթըրի» շրջանային կազմակերպութեան եւ Լա Վըրն քաղաքի ակումբին նախագահը, ինչպէս նաեւ՝ «Ռոթըրի»ի Խաղաղութեան շրջանային խմբակի հիմնադիրը եւ ատենապետը: