ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Շաբաթ, 19 Մայիսին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի ուղղափառ եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան տարեկան 11րդ հաւաքը։ Հիւրընկալ համայնքին կողքին ներկայ էին Հայ, Մալաբար, Եթովպիոյ, Յոյն, Ուքրանիոյ եւ Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, որոնք միասնաբար աղօթեցին եւ անցուցին միացեալ արարողութիւններու պահ մը։
Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն. մասնակիցները առիթ ունեցան իրարու ծանօթանալու։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր համայնքի երգչախումբ իր լեզուով ներկայացուց քանի մը շարական։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի՝ այս տարի եւս մասնակցեցաւ հաւաքին եւ հնչեցուց հայկական երգեր ու շարականներ։ Երգչախումբի անդամներէն Գարեգին Քիրազեան, առաջին հերթին փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին ողջոյնները, ապա հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուելիք շարականներուն ու երգերուն մասին՝ նշելով, որ առաջին երգը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին։ Երգացանկը կը բաղկանար հետեւեալ երգերէն ու շարականներէն. «Ո՜վ հայոց աշխարհ», «Մինչ օրրանէս», «Տէ՛ր, ողորմեա» եւ «Օրհնեալ է Աստուած»։