ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, «Արարատ Տան» «Էսկիճեան» թանգարանի տնօրէնութիւնը Հինգշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, հաստատութեան մատրան մէջ կազմակերպած էր այժմ Գանատա հաստատուած ծանօթ բժիշկ եւ ազգային գործիչ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն գիրքին՝ «Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբոյժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Ցեղասպանութեան Ընթացքին» հատորի ողջունահանդէսը:
Սրբազանը ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ եզրափակիչ խօսքով վեր առաւ հեղինակին բազմերես արժանիքները: Առաջնորդին կ՛ընկերանար Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին հեղինակը, հիւրընկալ հաստատութեան ներկայացուցիչները եւ խումբ մը գրասէրներ:
Ողջունահանդէսը սկսաւ ժամը 7:30ին. թանգարանի տնօրէնուհին՝ Մակի Մանկասարեան-Կոշին, յանուն հաստատութեան տնօրէնին՝ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ հանդիպման շարժառիթին ու յայտագիրին մասին: «Անի» քառեակը ներկայացուց հայկական դասական երաժշտութենէն քանի մը գոհարներ: Խօսք առաւ Սարգիս Մահսէրէճեան, որ խօսեցաւ հատորի պատրաստութեան ընթացքին՝ հեղինակին ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումին ու իր կարգին ապրած կրկնակի ոդիսականին մասին, առաջինը՝ երկարաշունչ պրպտումներու եւ առաւելագոյն թիւով նահատակներ ընդգրկելու ճիգին մէջ, իսկ երկրորդը՝ հետեւանք այն ցաւին, զոր ան զգացած է մեր ժողովուրդի մէկ ընտրանիին, մեծ մասամբ՝ երիտասարդներու բնաջնջման, մասնակցութեամբ թուրք բժիշկներու: Ան անդրադարձաւ նաեւ գիտական ու մշակոյթի աշխարհները մէկտեղելու հեղինակին արժանիքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքով Ցեղասպանութեան մէկ երեսին վրայ լոյս սփռելու անոր ճիգին համար:
Ամերիկահայ բժիշկներու ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ տոքթ. Վարդան Թաշճեան, որ հեղինակին հետ իր շուրջ կէս դարու ծանօթութեան վրայ հիմնուելով՝ ողջունեց անոր բժշկագիտական ու մտաւորական վաստակը, մաղթելով յարատեւութիւն:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկէն Սեդա Անթեքէլեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը: Այնուհետեւ, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան անձամբ ներկայացուց հատորը, որ ունի ներքին բաժիններ, յատկացուած նահատակուած բժիշկներու, ատամնաբոյժներու, դեղագործներու, նաեւ այդ իւրաքանչիւր ասպարէզին մէջ վերապրողներու. հատորին մէջ տեղ ունին նաեւ Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայած հայ բժիշկները, որոնք ունեցած են ռահվիրայի դերակատարութիւն, իսկ կիզակէտ մըն է այն բաժինը, ուր արձանագրուած են իրենց պաշտօնակիցները ջարդած թուրք բժիշկներու անունները: Այս բոլորը ներկայացուեցան լուսանկարներու ցուցադրութեամբ:
Յաջորդեց հարցում-պատասխանի պահ մը. այն հարցումին, թէ արդեօք գիտական, հոգեբանական կամ ինչպիսի՞ այլ բացատրութիւն կարելի է գտնել թուրք բժիշկներու ուխտադրուժ ոճիրներուն՝ հեղինակը պատասխանեց. «Թո՛ւրք են…»։
Երեկոյթի փակման իր խօսքին մէջ, առաջնորդը ողջունեց հեղինակը, որ Գանատայէն Լոս Անճելըս եկած է այս ձեռնարկին համար, գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր մարդասիրական ու ազգային ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ թանգարանի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութեան մասին: Ան նկատեց, որ այս հատորով հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ մարդոց առողջութեան ու կեանքի պահպանման լծուած հայ բժիշկներուն հանդէպ թուրքերու անմարդկային վերաբերմունքը, որ հետեւանք է նախանձի ու ատելութեան։
Սրբազանը նշեց, որ շուրջ 10 օրէն պիտի տօնենք 100ամեակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ ծնունդ առաւ Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք. պատմական դէպքեր՝ որոնցմէ բխած անժամանցելի պատգամները կը միանան ու իբրեւ արդար հատուցման պահանջ կը մարմնաւորուին այս հատորին մէջ: Առաջնորդը օրհնեց բժիշկին վաստակն ու անոր ընտանիքը՝ մաղթելով ծառայական կեանքի ու վաստակի հարստացում:
Հանդիսութեան աւարտէն ետք, թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: