ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Կիրակի, 20 Մայիսին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանն ու սարկաւագաց դասը։ Պատարագին ներկայ էին շրջանի երեսփոխաններ ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
Քարոզէն առաջ, առաջնորդը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ ու հոգեպարար արարողութեան համար, ապա ողջունեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Ան աղօթեց Աստուծոյ, որ Ս. հոգիին իմաստութեամբ ու շնորհքներով վերանորոգէ ու հարստացնէ բոլորին կեանքը՝ առաքեալներուն օրինակով։
Յիշեցնելով, որ 30 տարի առաջ, Օրենճ Քաունթիի ծուխը այս օրերուն էր, երբ մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրով կը պատրաստուէր Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ օծման, որ տեղի ունեցաւ ձեռամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի (ապա՝ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց աթողիկոս), եւ որ համայնքի զաւակները հոգեւոր ու ազգային արթնութեամբ ու պայծառ գործունէութեամբ տարիներ շարունակ իրենց ծառայութիւնը մատուցին այս եկեղեցւոյ, առաջնորդը մաղթեց, որ եկեղեցւոյ ծխականներն ու համայնքի զաւակները շարունակեն իրենց ծառայութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու սիրով, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի շինութեան ու բարգաւաճման համար։
Այնուհետեւ, առաջնորդը անգամ մը եւս շնորհաւորեց նորաօծ Թորգոմ եպիսկոպոսը եւ յաջողութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց անոր, ապա գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, երեսփոխանները, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասի անդամներն ու բոլոր նուիրեալները։
Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Թորգոմ սրբազանը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ապա, ողջունեց առաջնորդը՝ մաղթելով կանաչ ու երկար տարիներ Տիրոջ ծառայական այգիին մէջ։ Ան նաեւ ողջունեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, մաղթելով ուժ ու կարողութիւն իրենց նուիրեալ, աստուածահաճոյ ու ազգաշէն առաքելութեան մէջ։ Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ Ս. Հոգւոյ գալստեան տօնին, Թորգոմ սրբազանը նշեց, որ առաքեալները թէեւ իրենց հաւատքին մէջ տոկուն էին, սակայն վախի զգացում մը կար անոնց մէջ, բան մը կը պակսէր անոնց հոգւոյն մէջ. այդ պակսող ճշմարտութիւնը՝ Ս. Հոգիի հզօրացնող, գօտեպնդող, նորոգող ներկայութիւնն էր։ Ահա՛ թէ ինչու, Քրիստոսի Համբարձումէն տասը օր ետք, Ս. Հոգին կրակէ լեզուի կերպարանքով երկինքէն երկիր կ՛իջնէ՝ մաքրելով առաքեալները ու անոնց տալով անբացատրելի ուժ, կամք, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։
«Ս. Հոգին այսօր եւս կը շարժէ կեանքերը այն մարդոց, որոնք իրենց սիրտերը բացած են Աստուծոյ առջեւ։ Ս. Հոգին իր շնորհքներով, կարողութիւններով, իմաստութեամբ, երկնային պտուղներով կը լեցնէ մարդոց կեանքը եւ կը հարստացնէ մարդոց սիրտը», նշեց Թորգոմ սրբազանը եւ շեշտելով վերանորոգութեան կարեւորութիւնը՝ ըսաւ. «Ս. Հոգին առաջին հերթին կը նորոգէ մա՛րդ տաճարը՝ քրիստոնեայ անհատը, անոր ընդմէջէն նորոգելով հաւաքականութիւնը՝ ընտանիքը, ծուխը, համայնքը, ազգը ու ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը»։
Իր քարոզը եզրափակելով՝ պատարագիչ սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Ս. Հոգին ներգործէ մարդոց կեանքերուն մէջ, որպէսզի ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդուին. նորոգէ կեանքը մեր ազգին, մեր ժողովուրդին, ամբո՛ղջ տիեզերքին, եւ մաղթեց, որ Ս. Հոգին զօրացնէ բոլորս եւ մեր քայլերը աւելի՛ հաստատուն կերպով առաջնորդէ դէպի աղբիւրը լոյսի։
Յանուն ծխական համայնքին՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ առաջնորդական փոխանորդին եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Պատարագէն ետք, «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալ ժողովուրդը առիթ ունեցաւ հանդիպելու առաջնորդին, շնորհաւորելու նորաօծ սրբազանը եւ ստանալու անոնց օրհնութիւնը։
Խօսք առին նաեւ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Հրայր Ճերմակեան. անոնք բարի գալուստ մաղթեցին առաջնորդին ու առաջնորդական փոխանորդին այս իւրայատուկ օրուան առթիւ, եւ շնորհաւորեցին նօրաօծ սրբազանը՝ մաղթելով արեւշատ օրեր եւ բեղուն ծառայութիւն։
Թորգոմ սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց այս առիթին ու Օրենճ Քաունթիի գաղութին հետ ըլլալուն համար, կոչ ուղղելով իրարու հանդէպ առատ սէր ունենալու։
Օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց առաջնորդ Մարտիրոսեան։ Ան նշեց, որ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. խորանը մեծ խորհուրդ ու նշանակութիւն ունեցած է իր կեանքին մէջ, եւ տարիներ շարունակ պատարագ մատուցած է հոն։
Հոգեւոր հովիւի ծննդ-եան տարեդարձին առիթով, հոգաբարձութիւնն ու տիկնանց միութիւնը կարկանդակ հատեցին իբրեւ անակնկալ։
«Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը։