ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Արցախ մեկնած UCLA-ի իրաւագիտութեան դասախօս փրոֆ. Փօլ Վան Պլում եւ իր կինը, որոնց կ՛ուղեկցին «Ասպարէզ» թերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեան եւ Փօլ Վան Պլումի ուսանող Վարանդ Անմահունի, Հինգշաբթի, 24 Մայիսին հանդիպեցան Արցախի պետական համալսարանի տնօրէն Մանուշ Մինասեանի հետ, այնուհետեւ փրոֆեսէօրը համալսարանի ուսանողներուն դասախօսութիւն տուաւ քաղաքական եւ միջազգային իրաւունքի մասին:
Նոյն օրը փրոֆ. Վան Պլում հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանի հետ: Նախարարը նիւթեր տրամադրեց Վան Պլումին՝ իր ուսանողներուն Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը ներկայացնելու համար: