ՍԷՈՒԼ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները սպառնացին ջնջել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ճանկ Ունի միջեւ կազմակերպուող հանդիպումը:
Հիւսիսային Քորէայի այս սպառնալիքը եկաւ իբրեւ հակադարձութիւն Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերուն միջեւ կայացող ռազմափորձերուն, որուն իբրեւ հետեւանք ջնջուած էին նաեւ Քորէաներուն միջեւ Մայիս 16ին ծրագրուած հանդիպումը։
Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները նաեւ քննադատած են Թրամփի ազգային ապահովութեան խորհրդական Մայքըլ Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Հիւսիսային Քորէա պէտք է ամբողջութեամբ ձեռբազատուի իր հիւլէական զէնքերէն։
Յատկանշական է, որ Հիւսիսային Քորէա սկսած է իր հիւլէական մեծագոյն զինափորձարանը քանդելու աշխատանքին: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ատիկա կարելի է հետեւցնել Հիւսիսային Քորէայի կացութեան հսկող արբանեակներու լուսանկարներէն:
Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ զինափորձարանը կը գտնուի լեռնային ու դժուարամատչելի վայրի մը մէջ, եւ օգտագործուած է Հիւսիսային Քորէայի կողմէ կատարուած վեց հիւլէական փորձարկումներու համար: