ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու սպանդը «ցեղասպանութի՛ւն» է:
«Էրտողանին խորհուրդ կու տամ, որ մեզի բարոյականութեան խրատներ չտայ: Մէկը, որ հազարաւոր թուրք զինուորներ կ՛ուղարկէ Կիպրոսի բռնագրաւման աջակցելու համար, մէկը, որ կը ներխուժէ Սուրիա, իրաւունք չունի մեզի խրատներ տալու: Էրտողան, որուն ձեռքերը թաթախուած են Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող անթիւ քիւրտերու արիւնով, վերջին մարդն է, որ կրնայ բարոյախօսութեան քարոզներ կարդալ», յայտնեց Նեթանիահու:
Իսկ Էրտողան, հակադարձելով ըսաւ. «Իսրայէլ ցեղապաշտ պետութիւն է, եւ Նեթանիահուի ձեռքերը ներկուած են պաղեստինցիներու արիւնով: Նեթանիահու չի կրնար ատիկա թաքցնել՝ Թուրքիոյ վրայ յարձակելով»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու ըսաւ. «Կ՛անիծեմ Իսրայէլի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը: Անիկա (Կազայի դէպքերը) իսկակա՛ն կոտորած է: Անոր մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն է, որ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ առաջնորդուելով ամբողջ աշխարհին ընդդիմանալու իր համոզումով: Միացեալ Նահանգները անօրինական կերպով իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխած է, եւ այդ մէկը վնասած է աշխարհի վրայ Միացեալ Նահանգներու հեղինակութեան», միաժամանակ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով դատապարտելու Միացեալ Նահանգներու քայլը:
Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նշեց. «Իսլամական երկիրները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները»: