ԼՈՒՍԻՆ ԱՊԱՃԵԱՆ-ՉԻԼԱԲՈՇԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին, Կիրակի, 6 Մայիսի երեկոյեան, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ երգչախումբերու փառատօնը՝ մասնակցութեամբ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Առնօ Պապաճանեան» եւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբերուն:
Փառատօնին ներկայ էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ մշակութային, մարզական, հայրենակցական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայրեր եւ հոծ բազմութիւն:
Օրուան բեմավար Քրիստ Հապոյեանի հրաւէրով, Հայ կաթողիկէ համայնքին անունով արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Նուշիկ Տէր Սարգիսեան: Ան, անդրադառնալով Սուրիոյ Նահատակաց տօնին, վեր առաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայ եւ արաբ նահատակներուն սխրանքը, ապա ներկայացուց հայ մշակոյթին դերը յաղթանակներու փառաբանման եւ հոգեւոր մեր արժէքներու պահպանման մէջ:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Պարսումեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ երգի ու երաժշտութեան արժէքը՝ աւելցնելով որ հայ երգն ու երաժշտութիւնը մեր լինելութեան եւ պայքարի կարեւոր գործօններէն կը համարուին:
Փառատօնի սկիզբը ելոյթ ունեցաւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Առնօ Պապաճանեան» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Աւընեանի: Խումբը յաջորդաբար ներկայացուց հոգեւոր, դասական եւ հայրենասիրական երգեր։
Ապա ջութակահարներ՝ Տեսիլ Սարեան եւ Անժելլա Տաղլեան ներկայացուցին «Կապոյտ Մանուշակ» եւ «Տեսնեմ Անին» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Անոնք երգերու գեղեցիկ ընտրանիով, կատարողական բարձր մակարդակով ոգեւորեցին հանդիսականները:
Փառատօնի եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն կու տամ Աստուծոյն, ամենակալ, ամենազօր, մարդասէր եւ հայասէր Աստուծոյն, որ մեզ խաւարէն լոյս, ստրկութենէն ազատութիւն եւ անկախութիւն առաջնորդուելու կամք, իմաստութիւն եւ զօրութիւն շնորհեց: Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը, արդարեւ, ամէն հայու ամենացնծալի տօնն է: 100ամեակի Սուրիահայ Կեդրոնական մարմինի գործադիրին կողմէ կազմակերպուած այս փառատօնին առիթով, համայն ժողովուրդին եւ մեր անունով բարձրագոյն գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել կազմակերպիչ մարմինին, որ հաստատակամ, որդեգրուած ծրագիրին հաւատարիմ մնալով, մեր ժողովուրդին ուրախութեան, հպարտութեան, ցնծութեան, հայրենիքով մարդ դառնալու եւ հայրենիքին համար նպատակադրուած կեանք ապրելու հրաւէրը տուաւ»:
Ելոյթը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: