
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրներով՝ Արարատ Միրզոյեանը նշանակուեցաւ Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ, իսկ Տիգրան Աւինեանը՝ փոխվարչապետ:
Արարատ Միրզոյեան 2004ին սկսած ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտնականներու «Յանուն գիտութեան զարգացման» շարժման հիմնական նախաձեռնողներէն եւ համակարգողներէն էր: 2016ին ընտրուած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ: 2000ին աւարտած է ԵՊՀ պատմութեան բաժինը, 2002ին նոյն բաժինէն ստացած է մագիստրոսի աստիճան: 2004ին աւարտած է Հայաստանի Պետական կառավարման ակադեմիան: 2005ին ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն եւ ստացած գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան: Եղած է գիտաշխատող ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, աշխատած է Հայաստանի ազգային արխիւի մէջ եւ դասախօսած է Երեւանի Պետական համալասսրանի մէջ:
Here’s the whole list: http://hetq.am/eng/news/88792/armenias-new-government-short-cvs-and-contacts.html
28-year-old, inexperienced Minister of the Diaspora… Congratulations to the Diasporan brothers and sisters!