ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին համաձայն՝ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ապահովական մարզի նախարարներուն եւ զինուորական հրամանատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած է՝ քննելով Իրանէն «անկանխատեսելի» հարուածի մը դէմ դնելու կարելիութիւնները։
Ժողովը տեղի ունեցած է անցեալ շաբաթ Սուրիոյ մէջ իրանեան դիրքերու դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն յաջորդած օրերուն։
Իր կարգին, Իրանի փորձագէտներու խորհուրդի անդամ Ահմետ Խաթեմի յայտարարած է, որ եթէ «Իսրայէլ շարունակէ անխոհեմ քայլերու դիմել», ապա «Թել Աւիւն ու Հայֆան պիտի ոչնչացուին»: «Մենք հիւլէական ռումբի հետ գործ չունինք. ընդհակառակը, մեր քաղաքականութիւնը զսպումի՛ քաղաքականութիւն է։ Այդ ուղղութեամբ Իրանի հրթիռային հզօրութիւնը օրէ-օր կ՛աճի», յայտարարած է ան:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց՝ «իրանցիները Սուրիայէն վտարել»ու: