Հայ Օգնութեան Միութիւնը կու գայ շնորհաւորելու հայ ժողովուրդի խաղաղ, անզէն եւ վճռակամ համաժողովրդային շարժումը, որ կը ձգտի դէպի առաւել արդար ու ժողովրդավար երկիր մը ունենալ։ Անիկա արձանագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ՝ նոր վարչապետով մը ընդառաջելով ժողովուրդի առաջադրանքին:
Իրաւազուրկ ժողովուրդի մը զաւակներուն արդար ընդվզումով սկսած ազատագրական երկարատեւ պայքարն էր որ, 100 տարիներ առաջ, մայիսեան պայծառ օր մը, լոյս աշխարհ բերաւ Հայոց Անդրանիկ Հանրապետութիւնը, որուն առաջին հարիւրամեակը ազգովին կը տօնենք այս տարի, ի սփիւռս աշխարհի։
Մէկ դար անց, անկախ Հայաստանի գարնանային արեւուն տակ, իր յաղթակա՛ն լրումին հասած, յանուն արդար կարգերու հաստատման համաժողովրդային Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը տեղադրեց իր աննկուն առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը՝ իբրեւ նորահաստատ խորհրդարանական վարչակարգի վարչապետ։ Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ ծնած այդ նոյն ազատագրական պայքարէն, լօզունգ ունենալով «Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդիս համար» հաստա՛տ մտասեւեռումը՝ իբրեւ անմար փարոս իր շուրջ 11 տասնամեակներու գործունէութեան, կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր վարչապետը, մաղթելով անոր յաջողութիւն իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ՝ ի խնդիր ամբողջական հայաշխարհի բարօրութեան։
Ինչպէս մի՛շտ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր համահայկական ընդարձակ ցանցով, կը մնայ զօրավիգ իր հայրենի պետականութեան ու անոր բոլոր կառյցներուն, ընդմի՛շտ մնալով իր ժողովուրդին հետ՝ խնամատար անոր բոլոր կարիքներուն:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ