Նախապէս Մարտիկ Մատէնճեան հրատարակած էր յատկապէս Ցեղասպանութեան մասին զանազան նիւթերով հարուստ պատմական գիրքեր, որոնք մրցանակներ ալ ապահոված էին իրեն:
Այժմ, կարծես նոր դասաւորումով մը ան մանկական հետաքրքրական պատմուածքներու երկու հատորներ լոյս ընծայած է: Երբ իրեն հարցուցինք այս փոփոխութեան պատճառը, ան յստակօրէն բացատրեց. «Նախկին գիրքերս, որոնք ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան մասին էին, լայն արձագանգ գտած էին վաթսունէն վեր տարիք ունեցող ընթերցողներու մօտ: Սակայն, կարծես այդ նիւթին մասին հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ վերջերս, ուզեցի փոքրիկներու մօտ արթնցնել ընթերցասիրութիւնը: Շատ մը մանկավարժներէ եւ ուսուցչուհիներէ իմացայ, որ հայ երեխան կարդալ չի սիրեր, մանաւանդ հայերէնը: Բնական երեւոյթ է ասիկա ո՛չ միայն հայերու մօտ, այլ նաեւ ամերիկացիներու մօտ նոյնպէս: Հեռատեսիլը կը պատճառէսպիտակ ջարդ մը, որուն դէմ ամէն ջանք ապարդիւն է։ Երեխաները, ամէն տարիքի, կը սիրեն պատմութիւն լսել, բայց ո՛չ կարդալ: Չեն ուզեր դոյզն ջանք մը թափել: Ծնողներն ու ուսուցիչները հաւասարապէս յանցաւոր են այս դիրքին մէջ: Դպրոցներու մէջ ընթերցանութեան դաս կարծես չկայ, աշակերտը հազիւ իր դասագիրքը կը բանայ: Պատճառներէն գլխաւորը, հաւանաբար, հայկական դպրոցներու մէջ գրադարանի չգոյութիւնն է, ինչպէս նաեւ գրադարանապետի մը: Իմ աշխատած միջնակարգ դպրոցը մինչեւ երեք գրադարանապետներ ունէր, որոնցմէ երկուքը՝ մնայուն կերպով: Իւրաքանչիւր դասարան շաբաթը մէկ անգամ պէտք էր գրադարան գար պատմութիւն լսելու, գիրքեր պրպտելու, եւ ի հարկին, ուսումնասիրութիւն կամ հետազօտութիւն կատարելու»։
Նոր հրատարակուած պատմուածքներէն մէկուն խորագիրը «Գետնափոր Գանձը» կը կոչուի, իսկ երկրորդը՝ «Ըմբոստ Անասուններ»: Առաջինին մէջ, ծոյլ ու անպէտ մարդ մը իր կնոջ կողմէ տունէն կը վտարուի եւ, բնականաբար, գանձ մը գտնել կ՛երազէ: Կը գտնէ գանձը գետնին տակ պահուած փակուղիի մը մէջ, բայց այդ գանձը տէր ունի եւ անոր մօտենալն իսկ վտանգաւոր է: Զանազան փորձեր կը կատարէ որ կարենայ ոսկեղէն բաւական գրպանել՝ հանգիստ կեանք մը ապրելու համար:
Ըմբոստ անասունները՝ թիւով եօթը, իւրաքանչիւրը իր բողոքն ու գանգատը ունի իր տիրոջ հանդէպ եւ մէկը միւսին ետեւէն կը համաձայնին, որ լքեն իրենց տէրերուն տունը եւ արկածախնդրութեան դիմեն: Լման օր մը միասին քալելէ ետք, կը հանդիպին գողերու, որոնք աւելի վտանգաւոր են քան՝ իրենց տէրերը:
Գիրքերը պատկերազարդ են եւ սահուն կերպով ընթեռնլի: Ունին բառերու բաժին մը, ուր երեխան կրնայ նոր բառեր սորվիլ: Աշակերտը կամ երեխան ընթերցանութեան վարժեցնելու համար, որոշ բառեր կամ նախադասութիւններ կրկնուած են դիտաւորեալ կերպով:
«Ամերիկեան դասական գիրքերու մօտեցումին հետեւած եմ: Որոշ գիրքեր քանի մը տասնամեակներէ ի վեր կը կարդացուին սերունդէ սերունդ. ինչո՞ւ մենք ալ չունենանք մեր դասական պատմուածքներու գիրքերը», կ՛ըսէ Մատէնճեան
Նիւթերը շատ հետաքրքրական են եւ ամերիկացի խմբագիրներու ուշադրութիւնը գրաւած: Հոս մասնաւորապէս յայտնենք, որ այս երկու պատմուածքները հայերէնէն բացի պատրաստ են անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով ալ հրատարակուելու: Մանկական Picture Book-ի 8.5ով 11 չափէն բացի, պատրաստ են աւելի փոքր՝ 5.5ով 8.5 չափով ալ հրատարակուելու, նոյն պատկերներով զարդարուած: Անգլերէնը արդէն լոյս տեսած է:
Իրենց զաւակներուն հետ զբօսնելու ելած ծնողներ, յատկապէս մայրեր, այդ փոքր չափի գիրքերը իրենց պայուսակներուն մէջ կրնան զետեղել եւ ուր ալ երթան դիւրաւ կրնան զայն հանել ու կարդալ: Ամերիկեան Early Reader-ի ձեւով, փոքր չափը որոշ տարիքի մը յարմար է եւ կրնայ առանձինն կարդացուիլ: