Մայիս 6, 2018ը նշանակելի օր եղաւ Վասպուրական Հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի անդամներուն եւ իրենց բարեկամներուն համար:
Ցերեկը, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Վասպուրականի յաղթական հերոսամարտին զոհուած հայորդիներու եւ հերոս մարտիկներու յիշատակին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ երեկոյեան՝ տօնակատարութիւն նոյն եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» ներքնասրահին մէջ, պատշաճ յայտագիրով:
Տօնակատարութեան բացումը կատարեց մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Վեհունի Մինասեան, ապա խումբ մը պատանի-պարմանուհիներ՝ Մարիամ Յակոբեան, Յակոբ Արապեան, Նայիրի Մանուկեան, Քրիստին Յովսէփեան, Արա Պեկոյեան, Փաթիլ Արապեան, Սերոբ Արապեան եւ Յուսիկ Պեկոյեան, միասնաբար արտասանեցին նոյն յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Շաքէ Ազիզեանի ուսուցմամբ՝ Յովհ. Շիրազի «Պայքար»ը եւ Ժագ Յակոբեանի «Կ՛ուզենք»ը:
Այնուհետեւ, հանդիսավարուհի Մարալ Կարապետեան-Ալուճեան կարգով հրաւիրեց մեներգիչներ Վիգէն Եղիազարեանը, Յակոբ Յովսէփեանը եւ Շաքէ Պարսումեանը, առանձինն կամ միասնաբար կատարելու Վասպուրականի նուիրուած ազգային-հայրենասիրական եւ տոհմիկ-ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ «Պետոյի յիշատակին», «Հազիւ լրացաւ», «Եկել է գարուն», «Տըլէ եաման», «Վարդ ի բացուէ Վանայ քեաղքի», «Հելիմ սարը Սիփանայ» եւ «Ես կ՛ուզէի տեսնել ծովը Վանայ», երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Րաֆֆի Նազարեանի:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, պատանիներու խմբակը երգեց «Յիշենք հայորդիք»ը, որմէ ետք, փակման խօսք կատարելով՝ մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Վան Աւտոյեան հակիրճ կերպով յիշատակեց միութեան հիմնադրութիւնն ու նպատակները, իսկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու մասնակցողներուն՝ ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ ծաղկեփունջեր յանձնեց անոնց:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝
Մասնաճիւղէն)