ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մայիս 6ին, կէսօրուան ժամը 12ին տեղի պիտի ունենայ Լորա Մայքըլի «Under the Light of the Moon» («Լուսնի Լոյսին Տակ») հատորին գինեձօնը, գրադարանի սրահին մէջ։
Նաեւ, տեղի պիտի ունենան հատորէն ընթերցումներ եւ անոր մակագրութիւնը հեղինակին եւ գծագրութիւնները կատարած Արամ Կապուտեանի կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու ենթայանձնախումբի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ երեխաներու յատուկ այս հատորը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ օգտակար պիտի ըլլայ Ցեղասպանութիւնը նախակրթարանի աշակերտներուն ներկայացնելու արշաւին համար։
Նշենք, որ Լորա Մայքըլ 2016էն ի վեր անդամ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու ենթայանձնախումբին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Անահիտ Օշական կ՛աւելցնէ, թէ գինեձօնը յարմար վերջակէտը պիտի ըլլայ գրադարանին մէջ տեղի ունեցող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն նուիրուած ցուցահանդէսին՝ նշելով, որ հատորի հերոսուհիին՝ փոքրիկն Լուսինին պատմութիւնը շատ լաւ կերպով միահիւսած է վերապրումի, յոյսի եւ դիմացկունութեան նիւթերը։
Գիրքը, որ պաշտօնապէս շուկայ պիտի իջնէ Յունիս 5ին, կարելի պիտի ըլլայ գնել նշեալ ձեռնարկին ընթացքին։
Կլենտէյլի հանրային Կեդրոնական գրադարանին հասցէն է՝ 222 E Harvard St, Glendale, CA 91205։