ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու յանձնախումբը՝ CASPS-ը, Հինգշաբթի, 26 Ապրիլի երեկոյեան կազմակերպած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու ի պատիւ իր տարեկան 22րդ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի Տարեցներու ժամանցի կեդրոնի սրահին մէջ: Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի՝ ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը:
Ներկայ էին Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու համակարգի պատասխանատուներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, խորհրդատուներ եւ աշակերտներու ծնողներ, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեր գաղութի միութեանց ներկայացուցիչները:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց CASPS-ի գործավար Արսինէ Յովհաննէսեան, որ նշեց. «Այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ լեցուած ենք, ի տես մեր երիտասարդներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն», միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ անոնք կը վերադառնան մեր համայնքին եւ ներդրում կ՛ունենան մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ան այս առիթով նաեւ հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ CASPS-ի աշխատանքի դաշտերուն ու ծառայութիւններուն մասին, որոնք 24 տարիէ ի վեր կը մատուցուին հայ աշակերտներուն: Հանդիսավարը՝ Էտրիք Սարգիսեան, արտասանեց ողջոյնի խօսք: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, գնահատեց անոնց ձգտումները եւ դրական մօտեցումը:
Շրջանաւարտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդը շնորհաւորեց աշակերտները՝ իրենց արձանագրած յաջողութեան համար, նաեւ՝ ծնողներն ու ուսուցիչները՝ անոնց հոգածու վերաբերմունքին համար: Ան աշակերտները յորդորեց տոգորուիլ զօրաւոր կամքով, մի՛շտ ըլլալ յուսալից եւ ապաւինել Աստուծոյ՝ կեանքի յառաջիկայ փուլերուն: Ան թելադրեց լաւագոյնս օգտագործել իրենց բնատուր ձիրքերն ու կարողութիւնները՝ ո՛չ միայն սեփական յաջողութեան ի խնդիր, այլեւ զանոնք ի սպաս դնելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգի հաւաքական կեանքի յառաջդիմութեան: Առաջնորդը յիշեցուց, որ իբրեւ զաւակները հայ ազգի՝ իւրաքանչիւրը պարտականութիւն մը ունի մեր հայրենիքին նկատմամբ։ «Այս տարի կը տօնենք Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հաստատման 100ամեակը», շարունակեց առաջնորդը՝ աւելցնելով. «Ուխտեցէք մասնակից ըլլալ մեր հաւատքին ու սրտամօտ արժէքներու պահպանման եւ տարածման գործին. այդ արժէքներէն է ժողովրդավարութիւնը, որ, ինչպէս տեսաք՝ յաղթանակ արձանագրեց վերջին օրերուն, իսկ ժողովրդավարութիւնը՝ մեր հայրենիքի հիմնական արժէքներէն է»: Ան իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ առաջնորդէ աշակերտներուն քայլերը, երբ անոնք կը թեւակոխեն կեանքի նոր փուլեր:
Գլխաւոր բանախօսն էր Լոս Անճելըս գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր Էյմի Աւշանեան: Ան առաջին հերթին շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, վեր առաւ ուսման կարեւորութիւնը անհատի մը կեանքին մէջ, եւ իր փորձառութենէն մեկնելով՝ շեշտեց, որ յաջողութեան ու իրագործումներուն կարելի է հասնիլ ուսումով, հետեւողականութեամբ, սեփական կարողութիւններուն վստահելով ու տեսիլք ունենալով: Ան աշակերտները հրաւիրեց՝ միտքի կողքին զարգացնելու հոգին ու սիրտը, հոգածու ըլլալու ուրիշներու նկատմամբ, մասնակից ըլլալու համայնքային կեանքին, նաեւ՝ հպարտ զգալու ամերիկեան ու հայկական պատկանելիութեամբ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով. «Այն, ինչ պիտի ընէք, ըրէ՛ք խոր սիրով, բարի տրամադրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, բայց մանաւանդ հետամուտ եղէք ձեր երազներուն»:
Կլենտէյլի կրթական համակարգի վերահսկիչ Ուինֆրետ Ռապըրսըն արտասանեց սրտի խօսք մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց CASPS-ին՝ տարիներու սերտ գործակցութեան համար, իսկ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ շեշտեց, որ լաւ անունը շա՛տ աւելի կարեւոր է, քան հարստութիւնը։ «Երբ յաջողութեան հասնիք, ձեր անունը բարձր պահեցէք եւ ներդրում ունեցէք ձեր համայնքի կեանքին մէջ», աւելցուց ան:
Աշակերտները նուագով ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Աւարտին, տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում: