ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին ձեռնարկեց խորհրդակցութիւններու՝ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պատգամաւորական խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ՝ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու նպատակով:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան տարածեց յայտարարութիւն մը՝ ներքաղաքական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ։
Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Սիրելի հայրենակիցներ,
Երէկ Ազգային ժողովը չկրցաւ ընտրել երկրի վարչապետ: Խորապէս կը ցաւիմ, որ քաղաքական ճգնաժամը կը շարունակուի, հակառակ անոր, որ բոլորն ալ կը յայտարարեն երկրի ապագային համար անոր վտանգին մասին: Մեր բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռած է ներգրաւուած քաղաքական ուժերու գործողութիւններուն վրայ:
Կոչ կ՛ընեմ՝ յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին շարունակելու խորհրդակցութիւնները ճգնաժամէն ելք գտնելու ուղղութեամբ, որ պիտի ծառայէ մեր ընդհանուր ազգային շահերուն»: