ԸՆԿՀ. ՀԱՅԿՈՒՇ ՔՈՀԼԸՐ ՊԻՏԻ ՄԵԾԱՐՈՒԻ ՀՕՄԻ ՋԱՒԱԽՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 11 ՄԱՅԻՍԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Անհերքելի իրականութիւն է, որ Ջաւախքը Հայաստանի անբաժան մասնիկն է եւ իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստել ջաւախքահայութեան կեանքի բարելաւման եւ քաջալերել զանոնք՝ կառչած մնալու պապենական մեր հողերուն: Այս իմաստով շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ Ջաւախքին եւ դժուարին պայմաններ դիմագրաւող քաջասիրտ ջաւախքահայութեան: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ յատկապէս անոր երիտասարդութեան, որուն մտային զարգացման եւ ընկերային կեանքի բարելաւման համար Ջաւախքի մէջ կը հովանաւորէ երեք երիտասարդական կեդրոններ:
Ազգանուէր ու մարդասիրական դժուարին այս աշխատանքը վստահուած է ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, որ Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններու հոգատարութեան առընթեր կը փորձէ նաեւ մեր գաղութին ծանօթացնել Ջաւախքի պատմական կարեւորութիւնն ու զայն պահպանելու հրամայականը: Այս հեռանկարով ալ յանձնախումբի ջանասէր անդամները կարեւոր գրութիւններ կը հրատարակեն, հրապարակային բազմաթիւ հաւաքներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպեն, որոնց կարեւորագոյններէն էին 15 Մարտ 2018ի կէսօրին Կլենտէյլ քոլեճի հայ ուսանողութեան համար կազմակերպուած Ջաւախքի մասին տեղեկատուական հանդիպումը, ինչպէս նաեւ 1 Մայիս 2018ի երեկոյեան, Glendale Adult Recreation Center-ին մէջ կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը, որուն ընթացքին ջաւախցի պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Ջաւախքի Հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին» խիստ շահեկան նիւթը, պատմական կարեւոր նկարներու ընկերակցութեամբ:
Միւս կողմէ, յանձնախումբը նշեալ երիտասարդական կեդրոններու ամէնօրեայ հոգածութեան ծախսերը ապահովելու հեռանկարով կը կազմակերպէ տարեկան հանգանակային ձեռնարկներ: Այս տարի հանգանակային այդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Legacy Ballroom, 6410 San Fernando Rd., Glendale, CA 91201: Մուտքի նուէր՝ 100 տոլար:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, համախորհուրդ «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին՝ որոշած է այս ձեռնարկին «Կեանք Մը Ամբողջ Ձեռքբերումներ»ո մրցանակով (Lifetime Achievement Award) պարգեւատրել վաստակաշատ ՀՕՄուհի, ազգային բարերար, ՀՕՄի «Ծովինար» մասնաճիւղի հիմնադիր եւ ատենապետ ընկերուհի Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրը, որ երկար տարիներ ոչ միայն գլխաւորած է ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, այլ նաեւ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ մեծապէս նպաստած է Ջաւախքի զարգացման: Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ, երբ ընկհ. Քոհլըր ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի կազմակերպած 1 Մարտի ձեռնարկին գեղեցիկ անակնկալով մը 100,000 տոլար իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեց Ախալցխայի Երիտասարդական կեդրոնի վերակառուցման եւ ընդարձակման ծրագիրին:
«ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը մեծապէս կը գիտակցի Ջաւախքի կարեւորութեան, անոր հզօրացման եւ զայն կանգուն պահող ջաւախքահայութեան աջակցութեան: Այս իմաստով, կ՛իրագործուին բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց յաջողութեան կը նպաստեն ՀՕՄի համակիրները, նուիրատուներն ու անդամները: Մենք երախտապարտ ենք բոլորին եւ մասնաւորաբար ընկհ. Հայկուշ Քոհլըրին, որ մայրական գուրգուրանք կը ցուցաբերէ Ջաւախքի նկատմամբ եւ ամէն գնով կը փորձէ անոր կարիքներուն հասնիլ», այս առիթով ընդգծեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկհ. Սիլվա Փօլատեանը:
ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ակնկալութիւնն է, որ 11 Մայիս 2018ի ձեռնարկին շրջանի ՀՕՄի համակիրներն ու անդամները մեծ թիւով ներկայ գտնուին կարեւոր այս ձեռնարկին, որպէսզի անոր յաջողութենէն օգտուին Ջաւախքն ու ջաւախքահայ երիտասարդութիւնը:
Տոմսերու ապահովման եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818)500-1343 թիւին կամ գրելով
office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէին:
Ստորեւ՝ կենսագրական գիծերը ընկհ. Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի.
Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըր ծնած է Խարքով, Ուքրանիա: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ամիսներ առաջ, Էրզրումցի (Ձիթող գիւղ) ծնողքին՝ Պետրոս եւ Մանուշակ Գեղինեաններուն հետ գաղթած է Պաղտատ, իրաք, ուր յաճախած է համայնքի Թարգմանչաց միջնակարգ վարժարանը, ապա երկրորդականը՝ Պաղտատի աղջկանց գիշերային պետական վարժարանը, ուր ստացած է պաքալորիան:
Այնուհետեւ, նամակագրութեամբ հետեւած է առեւտրական եւ անգլերէնի Pitman եւ Oxford մակարդակի դասընթացքներուն: Զոյգ մարզերուն մէջ ալ մասնագիտանալէ ետք պատասխանատու պաշտօններ վարած է Անգլիական, Ամերիկեան եւ Իրաքի Նաւթի նախարարութեան (El-Dora Refinery) հաստատութիւններուն մէջ: Անդամակցած է Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց ակումբին, իսկ ուսանողութեան շրջանէն անմիջապէս ետք՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
1964ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքօ, ուր ունեցած է հասարակական բեղուն գործունէութիւն: Առաջին հերթին փոխանցուած է տեղւոյն նորակազմ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան շարքերը, աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անդամակցած է Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղին: Որոշ ժամանակ աշխատած է Ճորճ Մարտիկեանի գրասենեակը իբրեւ քարտուղարուհի, ապա օտար հաստատութիւններու մէջ՝ իբրեւ վարիչ քարտուղարուհի:
1970ին ծանօթացած է հանգստեան կոչուած ծովուժի ենթասպայ Էլմըր Պատ Քոհլըրի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1971ին։ Անոնք բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը, զոր կոչած են Քրիսթինա Մարալ:
1973ին, ամուսինին հետ հաստատուած է Լոնկ Պիչ, Քալիֆորնիա: Պատ Քոհլըր, ըստ իր ամուսնութեան օրը տուած խոստումին, ոչ միայն արգելք չէ հանդիսացած, այլ աջակցած է Հայկուշի համայնքային եւ կազմակերպութիւններէ ներս տարած մարդասիրական աշխատանքներուն:
1986ին, Հայկուշ Քոհլըր հիմնած է Լոնկ Պիչի ՀՕՄի «Ծովինար» մասնաճիւղը, որուն ներկայի ատենապետուհին է: 1991ին ընտրուած է ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ վարած է փոխատենապետի պաշտօնը, իսկ 1993ին՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, զբաղեցնելով քարտուղարի պաշտօնը: Ընկերուհին պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՕՄի զանազան յանձնախումբերու մէջ, հաւատարիմ մնալով ՀՕՄի նպատակներուն եւ առաքելութեան, մարդասիրական օգնութիւններով նպաստած է Հայաստանին, Արցախին, Ջաւախքին եւ Սփիւռքին: 1988ին պատահած Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին, օգտագործելով ամուսնոյն կապերը, կրցած է Գերմանիոյ ամերիկեան զինուորական կայանէ մը անմիջապէս մեծ քանակութեամբ մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն ուղարկել Հայաստան:
Ընկհ. Հայկուշ բարձրագոյն ուսման իր ծարաւը յագեցնելու համար յաճախած է Լոս Անճելըսի Մխիթարեան կրթական հիմնարկութեան Հայագիտութեան ամ-պիոնը, զոր աւարտած է 1997ին իսկ աւելի ուշ՝ Լոնկ Պիչի նահանգային համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր գիտութեանց աստիճանը առեւտրական մարզէն ներս:
Ան բազմաթիւ գիրքերու եւ հրատարակութիւններու մեկենասը եղած է: Իր համայնքի բարեսիրական գործունէութեան առընթեր, ընկերուհին բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լոնկ Պիչի տեղական կազմակերպութիւններէ ներս, որոնցմէ կ՛արժէ նշել հետեւեալները. Առեւտրական կեդրոնի Կանանց խորհուրդի (անդամ), Symphony Association Women’s Guild (ատենապետ), Պետական համալսարանի Միջազգային համայնքի խորհուրդ (Վարիչ մարմնիի անդամ), ՄԱԿի Կրթական բաժանմունքի ԵՈՒՆԻՍՖի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղ (անդամ), Լոնկ Պիչի վարժարաններու Ծնողական եւ խորհրդատու մարմիններ (անդամ)։
Ընկհ. Հայկուշ Քոհլըր երբեք իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը չէ զլացած իր շրջանին եւ հայրենիքի նկատմամբ: Ազգանուէր իր այս ծառայութիւններուն համար ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Ընկերուհին գնահատուած է նաեւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւններու կողմէ:
Հայկոյշ Քոհլըր առաւել քան 15 տարիներ վարած է ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը եւ նուիրումով կատարած է իրեն վստահուած պատասխանատու այս պաշտօնը, միշտ իր ամբողջական զօրակցութիւնը բերելով Ջաւախքի նիւթական, ընկերային եւ մարդասիրական աշխատանքներուն:
Ան գործօն անդամ է Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ օգտակար հանդիսացած է կրթական կարիքներուն Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան նաեւ երկու դպրոցներու վերանորոգումը հովանաւորած է հայրենիքի մէջ: Ան նախագահն է C & O Enterprises and development անշարժ կալուածներու ընկերութեան:
Մայիս 2012ին, Արցախի Հանրապետութեան կողմէ Ստեփանակերտի մէջ նախագահ Բակօ Սահակեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է նախագահական յատուկ «Երախտագիտական Մետալ»ով, Արցախի բարգաւաճման մէջ իր կարեւոր ներդրումը բերած ըլլալուն համար, իսկ 2016ին՝ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ մետալով:
Ընկհ. Հակուշ Գեղինեան Քոհլըր բարեսիրական աշխատանքներու եւ հայրենսիրութեան տիպար օրինակ մըն է: