Շուրջ երկու տասնեակ պելճիքացի պատգամաւոր հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէն «Ինթըրփոլ»ին դիմելու առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ, ըստ «Փանորամա»ի, ըսուած է.
«Կ՛ափսոսանք, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը ձերբակալելու պահանջով դիմած են «Ինթըրփոլ»՝ Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախ այցելելուն համար: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հանրային նշանակութեան կազմակերպութիւն է, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է քաղաքացիական գործունէութեան միջոցով հանրային տեղեկացուածութեան բարձրացման:
Հակառակ անոր, որ միջազգային իրաւունքի մէջ նախատեսուած չեն իրաւական ապատասխանատուութեան համապատասխան հիմքեր, որոնք կրնան որեւէ մէկուն համար Արցախ այցելելու արգելք հանդիսանալ, ատրպէյճանական իշխանութիւնները վախի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն եւ կը փորձեն քրէականացնել նման այցելութիւնները:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ուղղուած մեկուսացման քաղաքականութեան պարտադրումը կը խախտէ անոնց՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին մէջ ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները եւ կառուցողական չէ հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ:
Մենք համոզուած ենք, որ «Ինթըրփոլ»ը քաղաքական հետապնդման կամ ահաբեկման հարթակ պիտի չդառնայ: Մենք միայն կ՛ընդգծենք, որ հակամարտութեան տեւական կարգաւորման կարելի է հասնել միայն երկու կողմերուն միջեւ անկողմնակալ երկխօսութեան միջոցով՝ ներգրաւելով նաեւ Արցախի ժողովուրդը»: