Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ 7 Փետրուարին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային տան մէջ համերգ ունեցաւ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ՝ ղեկավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի, նոր երգ թողարկած է՝ նուիրուած Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն:
«Թալիշի Դիրքերուն Մէջ» խորագիրով երգին երաժշտութիւնը գրած է լիբանանահայ Վահրամ Էմմիեան, խօսքերը՝ արցախցի Միքայէլ Հաջեան: Երգը նուիրուած է Արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներ՝ Նորայր Հաջեանին եւ Սարգիս Խաֆալեանին:
«Մարտ 2017ին, Լիբանանի մէջ կազմակերպուած էր Արցախեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած երեկոյ, որուն Արցախէն հրաւիրուած էր նաեւ Միքայէլ Հաջեան: Վերջինիս զաւակը՝ Նորայր Հաջիյեան, զոհուած էր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին: Երեկոյի ընթացքին ծանօթացայ Միքայէլ Հաջեանի հետ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի մեր բարեկամութիւնը: Երկու ամիս առաջ, ան ըսաւ ինծի, որ որդիին եւ անոր ընկերոջ՝ Սարգիս Խաֆալեանին նուիրուած երգ գրած է եւ առաջարկեց կատարել զայն: Լսելով երգը՝ անմիջապէս համաձայնեցայ: Գործակցելով երաժշտութեան հեղինակ, լիբանանահայ երգահան Վահրամ Էմմիեանի հետ, ձայնագրեցինք երգը», «Հայերն Այսօրի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Շողիկ Թորոսեան եւ աւելցուց, որ տեսահոլովակը պատրաստուած է Արցախի մէջ՝ Միքայէլ Հաջեանի նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան մասնագէտ Արթուր Բալասանեանի ջանքերով:
«Շատ կը փափաքէի Արցախի մէջ, Թալիշի դիրքերուն մէջ ըլլալ եւ մասնակցիլ նկարահանումներուն, սակայն չկրցայ: Իսկ տեսահոլովակը կարծես լուսանկար մը եւ տեսապատմութիւն ըլլայ՝ հերոս տղաներու մասնակցութեամբ», ըսաւ լիբանանահայ երգչուհին: