ՊԵՏԻԿ ԱՇՈՏԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ուսումնական խորհուրդին, Կիրակի, 15 Ապրիլի երեկոյեան, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» աշակերտական երգչախումբը անգամ մը եւս հալէպահայութեան հրամցուց իր տարեկան համերգը:
Սրահի մուտքին, ժողովուրդին բաշխուեցաւ համերգին յայտագիրը, որուն մէջ հրամցուելիք երգացանկին կողքին, ներկայացուած էր Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին խօսքը, ուր շեշտուած էր երգի ու երաժշտութեան անփոխարինելի դերակատարութիւնը ազգային արժէքներու, բարքերու եւ սովորութիւններու պահպանման մէջ:
Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան նոյն գրքոյկին մէջ իր սրտի խօսքը արձանագրած էր՝ դիտել տալով, որ այս տարեշրջանի փորձերը սեղմ, կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ ամփոփուած էին, սակայն աշխոյժ, ժիր, երգը եւ երաժշտութիւնը սիրող պատանիներու մասնակցութեամբ, խումբը պատրաստուած էր ներկայանալու սիրուած երգերու գունեղ փունջով մը:
Համերգին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հայ եւ սուրիացի նահատակներուն յիշատակը:
Արաբերէնով բացման խօսք արտասանեց Բերիոյ թեմի Ուսումնական խորհուրդի անդամ Գօգօ Հայկեան՝ անդրադառնալով երաժշտութեան ու երգին կարեւորագոյն դերակատարութեան ժողովուրդներու յառաջդիմութեան ու սերունդներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ:
Հայերէն բացման խօսքով Ուսումնական խորհուրդի անդամ Անի Գալտընեան շեշտեց, որ երաժշտական կրթութիւնը դրական ներգործութիւն կ՛ունենայ պատանիներու հոգեմտաւոր աշխարհի կազմաւորումին մէջ՝ աւելցնելով, որ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը եղաւ այն երաժշտական դարբնոցը, որ իրերայաջորդ սերունդներուն փոխանցեց երաժշտական ոգեղէն եւ իմացական հարստութիւն՝ իր անջնջելի դրոշմը քանդակելով մատղաշ փոքրիկներուն հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:
Ապա, օրուան հանդիսավար, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սիլվա Ճապաղջուրեան բեմ հրաւիրեց երգչախումբի անդամները:
Ուշագրաւ էր, փոքրիկներուն մեծ թիւը: Անոնց ժիր ու խանդավառ ներկայութիւնը կը յուշէր, որ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի արժանաւոր զինուորներն էին, որոնք Հայաստանի դրօշը պարզած մուտք կը գործէին սրահ ու ինքնավստահ քայլերով բեմ կը բարձրանային:
Համերգին բացումը կատարուեցաւ Ն. Գէորգեանի «Աղօթք», «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Հող Հայրենի» երգերով, որոնց յաջորդեցին Ա. Նազարեանի «Ուրախ Ըլլանք», Բ. Կանաչեանի «Երգանուագ», Մ. Վարդազարեանի «Թզուկների Երգը», Ռ. Պետրոսեանի «Տիեզերք», Ա. Պապաճանեանի «Իմ Երեւան», դաշնաւորումը՝ Յ. Օհանեանի եւ արաբական «Մալային, Մալային Ալ Սուրիին» երգերը:
Դադարէ մը ետք, երգչախումբի ժիր փոքրիկները շարունակեցին ելոյթը։
Յայտագիրին երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին:
Աւարտին յանուն Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին սրտի խօսք արտասանեց Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան, որ բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբը, խմբավարն ու դաշնակահարը, ինչպէս նաեւ քուլիսներու ետին աշխատող տղաքն ու աղջիկները եւ Ուսումնական խորհուրդը։
Համերգը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: