ՎԻԼՆԻՈՒՍ (Լիթուանիա).- 17 Ապրիլին, Լիթուանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Լիթուանիոյ կիրառական արուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպած էր սենեկային երաժշտութեան երեկոյ մը՝ նուիրուած Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ Հանրապետութիւններու անկախութեան 100ամեակներուն: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Համերգին կատարումներով հանդէս եկան նշանաւոր հայազգի թաւջութակահար Լեւոն Մուրադեան (Փորթուկալ), լիթուանիացի դաշնակահար Վայտա Կիրվելիթյէ եւ ջութակահար Ռայմոնթաս Փութուիլա:
Համերգին ներկայ էին Լիթուանիոյ մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ, Լիթուանիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:
Լիթուանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, հանդէս գալով բացման խօսքով՝ ըսաւ, որ համերգը Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ անկախութեան 100ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու շարքէն է: Անդրադառնալով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեան՝ դեսպանը նշեց, որ 1918ի հակամարտութիւններու քաոսին մէջ, մայիսեան փառահեղ յաղթանակներու ներքոյ ծնաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, որ 1375էն ետք հայկական առաջին ինքնիշխան պետութիւնն էր:
Դեսպանը նաեւ նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդը կը վերականգնէր իր մեծագոյն ողբերգութեան՝ ցեղասպանութեան հետեւանքներէն, կային շուրջ 300,000 գաղթականներ, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն երիտասարդ Հանրապետութիւնը տապալելու փորձեր կ՛ընէին: Բայց Հայաստան յաջողեցաւ երկուքուկէս տարի դիմակայել այդ արհաւիրքներուն եւ դառնալ միջազգային իրաւունքի ենթակայ:
Եզրափակելով իր խօսքը, դեսպանը յայտնեց, որ 1920ին անկախութեան կորուստի հարցով որոշ արտաքին եւ ներքին գործօններ ունեցան իրենց դերը եւ արտաքին իրողութիւնները մինչ օրս գրեթէ չեն փոխուած: Այսօր ալ Հայաստանը կը գործադրէ իր առաւելագոյն ջանքերը բոլորին հետ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու եւ իր բարեկամներու շրջանակը ընդլայնելու համար:
Համերգին ընթացքին հնչեցին Ֆրանց Շուպերթի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: