ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի աշակերտները Հինգշաբթի, 19 Ապրիլի առաւօտուն Ազգային առաջնորդարան այցելեցին իրենց դաստիարակներուն հետ, ծաղիկներ դրին Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ստացան օրհնութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ նախորդ գիշեր վերադարձած էր Լիբանանէն։ Մանուկները հայրենասիրական երգերով ուխտեցին կառչած մնալ Ս. նահատակաց կտակին։
Աշակերտները առաջնորդարան ժամանեցին մանկամսուրի վարչուհի Արսինէ Աղազարեանի եւ ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ, ապա համախմբուեցան Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ։ Առաջնորդ սրբազանը իր կողքին ունէր Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեանը։
Հաւաքը սկսաւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ։
Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյց մը ունենալով՝ առաջնորդը նշեց, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, որոնք յանուն ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի՝ նահատակուեցան։ Ի պատասխան Ցեղասպանութեան մասին սրբազանի հարցումին՝ աշակերտները յայտնեցին, թէ պահանջատէր են մեր հողերուն, որոնք մեզմէ խլուած են ոճրագործ թուրքերուն կողմէ։ Առաջնորդը յիշեցուց մանուկներուն, որ այս տարի նաեւ կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակին, որ դրսեւորումն է հայ ազգի պահանջատիրութեան ու յաղթանակին։
Այնուհետեւ, աշակերտները միասնաբար երգեցին «Արդեօք ովքե՞ր են», «Սարդարապատ» ու «Մեր Հայրենիք» երգերը եւ ծաղիկներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ։