ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 23ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուեցաւ թիւ 37 միացեալ բանաձեւը, որ 2018ի Ապրիլ 24ը կը հռչակէ «Քալիֆորնիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցի ոգեկոչման օր», միաժամանակ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ընելով Ուաշինկթընին։ Բանաձեւը նաեւ նշում կը կատարէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած փոքրամասնութեանց օժանդակութեան հասած Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի բարեսիրական ջանքերուն մասին, եւ կը դրուատէ ու կը քաջալերէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը իրենց համայնքներուն փոխանցողներն ու դասաւանդողները:
Ապա տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը՝ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումին. ընթացքին ելոյթներ ունեցան այդ մարմինի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք (ծերակուտականներ), ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Լորա Ֆրիտմըն։
Ոգեկոչման ձեռնարկը նաեւ առիթ հանդիսացաւ մեծարելու յայտնի պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը։
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումը այս առիթով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով շարադրութեան մրցում մը կազմակերպած էր նահանգի աշակերտութեան համար. անոր մրցանակակիրները նաեւ յայտարարուեցան նշեալ ձեռնարկին ընթացքին։ Առաջին հանդիսացաւ Լորըն Ալֆոնզօ, երկրորդ՝ Տենիըլ Պարգեւ-Չատրճեան, իսկ երրորդ՝ Օտելիա Ճասթին։