ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կիրակի, 15 Ապրիլի կէսօրէն ետք ժամը 3:30ին, Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան «Հոլ աֆ Լիպըրթի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Architects of Denial» («Ուրացման Ճարտարապետներ») վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, իբրեւ ուղղակի մասնակցութիւն նոյն օրը տեղի ունեցած զանազան ձեռնարկներու, որոնք նուիրուած էին Ցեղասպանութեան 103ամեակին, եւ իբրեւ ձայնակցութիւն մեր պահանջատիրութեան։
Ներկայ էին կոկիկ թիւով հանդիսականներ, որոնք գործնապէս զօրակցութիւն կը յայտնէին «Ֆորեսթ Լոն»ի նախաձեռնութեան, որ մէկ կողմէ քայլ մըն էր Ցեղասպանութիւնը ծանօթացնելու օտար հանրութեան, իսկ միւս կողմէ՝ լուսարձակի տակ կ՛առնէր նաեւ թրքական ուրացման քաղաքականութեան պատասխանատուներն ու անոր հետեւանքները։
Մինչ ժապաւէնին ցուցադրումը, ներկաները ունկնդրեցին «Արա Տապանճեան եւ Ընկերները» քառեակին հրամցուցած երաժշտութիւնը։ Ապա, Շանա տէ լա Քրուզ (անգլերէնով) ու Յովսէփ Հաջիբեկեան (հայերէնով) բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն։ Հետեւեցաւ վաւերագրականին ցուցադրութիւնը, որ տեւեց մօտաւորապէս 90 վայրկեան։
Այնուհետեւ, ներկաները սպասման սրահին մէջ, սուրճով, թէյով ու անուշեղէնով հիւրասիրուեցան եւ անգամ մը եւս առիթը ունեցան ունկնդրելու քառեակին հրամցուցած պատշաճ երաժշտութիւնը։ Բոլորը բարձր տրամադրութեամբ եւ տպաւորուած հեռացան ձեռնարկէն՝ յուսալով, որ ապագային նման ձեռնարկներ կը կրկնուին նոյն հաստատութեան կողմէ։