ԱՆԻ ՀԱՏՏԱՏԵԱՆ-ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք Հայկ Հատտատեանը (թարգմանուած Դարփինեան, Տեմիրճեան, Smith, Ferrer, Haddad եւ այլն)։
Հայրը՝ Խաչիկ (Crosby) Հատտատեան եւ հինգ ընկերները կանուխ տարիքէն կ՛որոշեն փախչիլ Թուրքիայէն, հայերու դէմ հալածանքներէն։
Բաւական դժուարութիւններով, յունական նաւու մը յատակը, երեք ամիս՝ 1913ին, սարսափելի, զազրելի ճամբորդութիւն մը կը կատարեն դէպի Ամերիկա, տեսակ-տեսակ հիւնադութիւններ իրարու վրայ կու գան, այս խեղճ տղոց բոլոր յոյսերը կը մաշին, եւ ապառողջ վիճակով կը հասնին։
Առաջին անգամ կու գան Նիւ Եորք քաղաքը, ուր օրինական մուտք գործելու համար Ellis Island կղզին կարգի կը սպասեն՝ ապահովելու «կրին քարտ», որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ եւ աշխատիլ։
Հոս-հոն գործի կը դիմեն եւ կը մերժուին տարբեր պատճառներով։ Այդ ժամանակ սով կը տիրէր Ամերիկայի տարածքին։
Կը լսեն, թէ Պրուքլին քաղաքին մէջ աւելի շատ գործի կարելիութիւն կայ։ Խեղճ վիճակով, գրպաննին ոչ մէկ դրամ, կերպով մը կ՛երթան Պրուքլին։ Երկար փնտռտուքէ ետք կը տեսնեն բազմութիւն մը կարգի կեցած է «Ուեսթինկ Հաուս» (Westing House) ընկերութեան առջեւ՝ մէկ թաղէն միւսը, հազարներով…
Վեց ընկերները կ՛որոշեն իրենք ալ կարգի կենալ եւ գոնէ քանի մը ժամուան աշխատանքով օրապահիկը շահիլ։ Կը մտնեն կարգէն ներս եւ կը սպասեն։ Ժամը 10ին վերակացուն անուններու ցանկով կու գայ, այս տղոց կը հարցնէ գործի մասին։ Լեզու չեն գիտեր, որ պատասխանեն։ Ուրեմն վերակացուն «դուրս ելեք» կ՛ըսէ ու զիրենք կը վռնտէ։
Սակայն Խաչիկ (Crosby) չի բաւարարուիր այդ կեցուածքով, կ՛ըսէ՝ եթէ ծանր գործ ունին, մենք պատրաստ ենք աշխատելու։
Վերակացուն Խաչիկի յանդուգն հարցումը ծաղրելով՝ կ՛ըսէ. «Կ՛ուզե՞ս դժուար գործ, եկուր հետս», եւ զինք կը տանի ուրիշ շէնք մը, ուր հսկայ հնոցի մը առջեւ կը դնէ (տես նկարը) եւ կ՛ըսէ. «Hard work, go ahead» (Դժուար գործ, հրամմէ)։
Խաչիկ հնոցին առջեւ կը սկսի իր կարողութիւնը ցոյց տալու. այդ հնոցին դիմաց ոչ մէկը տասը վայրկեանէն աւելի կրնար դիմանալ, եւ կը փախչէր։
Կէս ժամ ետք վերակացուն կու գայ Խաչիկին մօտ եւ կը հարցնէ. «Are you OK, sir». ինք կը պատասխանէ. «Yes, I am OK, sir»։
Վերակացուն նորէն կը վերադառնայ մէկ ժամ ետք եւ կը հարցնէ նոյն հարցումը, այսպէս մինչեւ իրիկուն, երբ կը հարցնէ. «Are you coming tomorrow»։ Խաչիկ կը պատասխանէ. «Yes, I am coming tomorrow»։
Ուրեմն, Շաբաթ օրը, երբ իր շաբթականը պիտի վճարուի, վերակացուն կը հարցնէ. «Are you coming on Monday»։ Crosby կը պատասխանէ. «No!»։ Վերակացուն կ՛ըսէ՝ թէ գիտէի, որ չես դիմանար։ Խաչիկ (Crosby) խրոխտ ձայնով կ՛ըսէ. «Եթէ կ՛ուզես որ գամ, իմ հինգ ընկերներս որ վռնտեցիր պէտք է կանչես, որ միասին աշխատինք»։ Վերակացուն՝ Խաչիկին կարողութեան զարմացած եւ անպայման հնոցին դիմացը փոխարինող մէկը չունենալով, ստիպուած կ՛ըսէ, որ անոնք գան աշխատելու։
Այսպէս քանի մը տարիներ, եւ կը սկսին բարեկեցիկ կեանք ունենալու՝ լաւ հագուստ, լաւ տուն եւ իրենց ծնողքին դրամ կը ղրկեն։
Երեք ամիսը անգամ մը հայրենիքէն թերթ կը ստանան, եւ օր մըն ալ վերնագիրը այսպէս կը գրէ. «Հայրենիքը Իր Զաւակները Կը Կանչէ, Կամաւոր Զինուոր Կ՛ուզէ՝ Ազատագրելու Համար Կիլիկիան»։
Երիտասարդ տղաքը իրար անցած՝ կը մտածեն՝ երթա՞լ, թէ չերթալ հայրենիք։
Խաչիկ (Crosby)՝ անոնց առաջնորդը, կ՛ըսէ՝ պէտք է երթանք, ու վերջնականապէս որոշում կու տան վերադառնալու եւ ֆրանսական բանակ արձանագրուելու, որպէս կամաւոր։
Հրաժարական կու տան. այդ հսկայ գործարանին մէջ կարեւորութիւն չէին տար ո՛վ կը մտնէ, ո՛վ կ՛ելլէ։ Սակայն երբ Խաչիկ հրաժարականը կը յանձնէ վերակացուին, բոլորը իրար կ՛անցնին, եւ Խաչիկ կը հրաւիրուի տնօրէնին շէնքը՝ մասնաւոր հանդիպումի մը համար։
Տնօրէնը իրեն այսպէս կ՛ըսէ. «Մենք քեզմէ շատ-շատ գոհ ենք, եւ ես կ՛ուզեմ ժամականդ երկու անգամ աւելցնել։ Սակայն Խաչիկ կը մերժէ եւ չ՛ընդունիր առաջարկը։ Այս անգամ տնօրէնը կ՛ըսէ. «Ո՞վ քեզի այսքան դրամ կու տայ, կ՛ուզեմ գիտնալ ո՞ւր պիտի աշխատիս»։ Խաչիկ կը պատասխանէ. «Հայրենիքէն զիս կը կանչեն»։
Տնօրէնը շուարած եւ զարմացած անոր հայրենասիրական ոգիէն՝ կ՛ըսէ. «Երեք անգամ պիտի վճարեմ, եւ այդ աւելորդ դրամը հայրենիքիդ կը ղրկես, անոնք դրամի պէտք ունին, անոնք զէնքի պէտք ունին»։ Խաչիկ տրամաբանական կը գտնէ, սակայն նոյնիսկ տնօրէնի տեսակ-տեսակ առաջարկներէն վերջ ալ, անդրդուելի կը մնայ իր յամառ կեցուածքով։
Տնօրէնը նեղուած ոտքի կ՛ելլէ զինք ճամբու դնելու եւ կ՛ըսէ, թէ վերջին բան մը ունի ըսելիք. «Դուք պիտի երթաք, կռուիք, պիտի յաղթէք, սակայն Կիլիկիան ձեզի ետ պիտի չտան։ Ուրեմն, բարի ճանապարհ…»։
Այսպէս, Խաչիկ (Crosby) Հատտատեան եւ իր հինգ ընկերները (Գարամարտեան յետագային իր քերայրը կ՛ըլլայ) կը վերադառնան եւ ֆրանսական legion-ներու բանակի կողքին որպէս կամաւորներ կը կռուին։ Պատերազմի անբացատրելի կացութիւն, ահռելի վիճակ, սարսափելի ցուրտ-ձմեռ, երիտասարդ օրիորդներ սարսռած, մանուկներ իրենց գիրկերուն մէջ՝ հարսեր, արձաններու պէս սառած, եւ վերջապէս կը վերագրաւեն Վանի ճակատամարտի կռիւները։ Յանկարծ անակնկալօրէն ֆրանսացիները հայերուն ետեւ կը ձգեն եւ գիշերով գաղտնի կը հեռանան։ Տղաքը՝ թուրքերով շրջապատուած, ահ ու դողի կը մատնուին, սակայն հնարք մը կը գտնեն ու կը փախչին։
Այսպէս, Խաչիկ եւ ընկերները՝ խաբուած ըլլալու զգացումէն յուսախաբ, մնացին մինչեւ կեանքի վերջ, յաճախ վերապատմելով այդ իրադարձութիւնը, թէ ինչպէ՛ս տնօրէնը գիտցաւ եւ պնդեց որ չերթան…
Գալով Հայկին, Սուրիայէն հայ տղաք՝ փախուստ տալով զինուրական ծառայութենէ, կու գային Լիբանան, հոն ալ քանի մը տարի սպասելով, quota-ի միջոցաւ, Ճորճ Մարտիկեանի գաղթի ձեւակերպումով կու գային Ամերիկա։
Կուսակցութիւնը այս տղոց կը բերէ Հայկ Հատտատեանի Պուրճ Համուտի գործատեղին, որ քիչ մըն ալ արհեստ սորվին, որպէսզի կարենան Ամերիկա գալ։ Այս իրողութիւնը անդադար զինք կը մղէր, որպէսզի կապ պահէ Լիբանանի կաթողիկոսին՝ Խորէն վեհափառին հետ։ Կը խնդրէ անոր արհեստից վարժարան մը բանալ այս երիտասարդներուն համար, որ արհեստ մը գիտցած մեկնին Ամերիկա։
Այս գաղափարը շատ տրամաբանական կը թուի վեհափառին, եւ կ՛ըսէ. «Հիմա կ՛ուզենք հայկական հիւանդանոց մը սարքել եւ յետոյ անպայման շատ կարեւոր է արհեստից վարժարանի մը հիմնումը»։
1975ին սկսաւ Լիբանանի պատերազմը եւ ժողովուրդին մէկ մասը փախաւ Եւրոպա, եւ անոնք, որոնք դիւրութիւն ունէին՝ Ամերիկա, սակայն միշտ իր միտքին մէջն էր օգտակար դառնալը իր ազգի զաւակներուն։
ՏՈՔՏ. ԱՐԱ ՀԱՏՏԱՏԵԱՆ
Յաճախ իր պաշտօնակիցներուն call-ը իր վրայ կ՛առնէր Արթօն բարի կամեցողութեամբ եւ հիւանդանոցին մէջ օգտակար կ՛ըլլար բժիշկներուն։
Օր մը, բժշկուհի ընկերուհի մը Օհայօ նահանգէն կը փափաքի այցելել Լոս Անճելըս։ Արթօն ամիս մը առաջուընէ պատրաստութիւն կը տեսնէր զինք հիւրասիրելու եւ լաւ ժամանակ անցընելու համար։
Նոյն օրուան համար բժիշկ մը կը խնդրէ Արթոյէն, որ իր call-ը առնէ Շաբաթ օրը։ Սակայն Արթօն կ՛ըսէ, թէ հիւր պիտի ունենայ։ Բժիշկը կ՛ըսէ, որ ժամը 5ին ինք հիւանդանոց անպայման կու գայ եւ իր պաշտօնը կը ստանձնէ։
Չկարենալով մերժել բժիշկին խնդրանքը՝ Արթօն կ՛ընդունի։ Նոյն օրը, ճիշդ ժամը 4ին, 33 տարեկան երիտասարդ հիւանդ մը սիրտի պատմութեամբ կու գայ emergency։ Այդ պահուն Արթօն բժիշկին կը հեռաձայնէ, որ անմիջապէս հասնի գործին, սակայն անպատասխան կը մնայ։ Սարսափելի վախի մէջ, անմիջապէս կը հեռաձայնէ հիւանդանոց՝ ամենամեծ բժիշկին օգնութիւնը հայցելու։ Քանի որ պէտք էր որ երկու բժիշկներ ներկայանային, 10 վայրկեան ետք բժշկապետը կը հասնի իրեն օգնութեան եւ քննելէ ետք՝ կ՛ըսէ. «Այս հիւնադը շատ հազուագիւտ սիրտի խնդիր մը ունի, որ միլիոնէն մէկ հազիւ կը պատահի»։ Կը կարդայ մասնաւոր գիրք մը, թէ ինչպէս սիրտը գործողութիւն պիտի ընեն։
Այսպէս, այդ ձախաւերութեան պատճառով Արթօն չի կրնար տեսնուիլ իր ընկերուհիին հետ, զոր երկար ատենէ ի վեր կը սպասէր։
Արթօն տուն եկաւ միւս օրը առտուն, Կիրակի ժամը 9ին, շատ բարկացած եւ նեղուած, որ չկրցաւ իր ընկերուհիին հետ հանդիպիլ։ Զինք մխիթարելու համար հարցուցի, թէ ինչպէս է հիւանդը։ Պատասխանեց որ գործողութիւնը տեւեց 13 ժամ, սակայն հիւանդը լաւ եւ յաջող վիրահատութիւն մը անցուց, մանաւանդ որ բժշկապետը իր ամբողջ հնարքը օգտագործեց եւ ազատեց անոր մահուընէ, որովհետեւ 100էն մէկ միայն ազատում կար։
Իմ պատասխանս այսպէս էր. «Ամէն չարիքէ բարիք կը ծնի»։ Ինք զարմացած այս առածէն՝ գլուխը շարժեց. լաւ որ միւս բժիշկը չէր եկած, շատ հաւանաբար հիւանդը կարելիութիւն պիտի չունենար ազատուելու։
Երկու տարի ետք, Արթօն իր Residence-ի վերջին 2 ամսուան դասընթացքը կ՛անցընէ Լոս Անճելըսի Children’s Hospital-ին մէջ։ Իր վերջին օրը, երբ շապիկը եւ թուղթերը կը յանձնէ, հիւանդանոցին միջանցքին մէջ կը լսէ պոռչտուք, լաց ու կոծ, 40-50 հոգի լեցուած են սրահը. տխուր մթնոլորտ մը։ Այս անբացատրելի իրավիճակին մասին ան կը հարցնէ բժշկուհիի մը, որ վազելով դուրս կ՛ելլէր գործողութեան սենեակէն. «Ո՞վ է, ի՞նչ ունի, ի՞նչ է պատահարը»։ Բժշկուհին կ՛ըսէ թէ 15 տարեկան հայ տղայ մը սիրտի պատմութիւն ունի (կու տայ նոյն պատահարին անունը, զոր նախորդ տարուան 33 տարեկան երիտասարդին գործողութեան ժամանակ էր)։ Արթօ կը յիշէ դէպքը եւ կը հարցնէ բժշկուհիին, թէ համապատասխան process-ը կատարեցի՞ն արդեօք։ Պատասխանը կ՛ըլլայ՝ ոչ. հիւանդապահուհին անմիջապէս իր գոգնոցը կը հանէ ու կը հագցնէ Արթոյին, որ հասնի վերջին վայրկեանի օգնութեան։
Առանց մտածելու, առանց հիւանդի ծնողքին արտօնութեան ստորագրութեան, կը մտնէ գործողութեան սենեակ, Աստուծոյ միջնորդութեամբ, կը կատարէ «Divine Intervention» դժուար գործողութիւնը, եւ եօթը ժամ ետք 15 տարեկան հայ երիտասարդը կը բանայ աչքերը։
Երբ Արթօ գործողութեան սենեակէն դուրս կ՛ելլէ, հիւանդին ազգականները եւ հարազատները կ՛իմանան այս շատ երիտասարդ, 20 տարեկան բժիշկին անհաւատալի հրեշտակային միջամտութեան մասին, իրենց ձեռքերուն վրայ, միջանցքին երկայնքին, հարսանիքի նման կը պտըտցնեն զայն՝ ողողելով իրենց ուրախութեան արցունքներով եւ աղօթքներով. ան փրկած էր իրմէ միայն քանի մը տարի փոքր երիտասարդին կեանքը։
Իրիկունը շատ ուշ հասաւ։ Երբ հարցուցի, թէ ինչո՛ւ ուշացած էր, ըսաւ. «Կը յիշես, երբ անցեալ տարի ինծի ըսիր թէ ամէն չարիքէ բարիք կը ծնի։ Չէի գիտեր, որ այն գործողութիւնը որ գիտէի, ինծի ե՛տ պիտի ճակատագրուէր։ Շատ ուրախ եմ, որ հայ երիտասարդի մը կեանքը փրկեցի։ Անսահման է ուրախութիւնս»։
Արդեօք հայրենասիրութի՞ւն է, թէ վարակիչ հիւանդութիւն՝ հարց կու տամ…
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ARA TAVITIAN
Los Angeles
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն
Ի Յիշատակ՝ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն
Տարօն- Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւն
Romanian Armenian
“RAFFI” Cultural Association and Family Members