ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կան երկոտասնեակէ մը աւելի հայերէնով ու օտար լեզուներով գիրքեր, որոնք կը պատմեն Կիլիկիոյ ծագումէն մինչեւ օրերս երկարաձգուող պատմութիւնները՝ հարուստ ու բազմաբնոյթ նիւթերով, Կիլիկիոյ 5 գաւառներուն, մայրաքաղաք Սիսի, հայկական թագաւորութիւններու, հայոց կաթողիկոսութիւններու, հայ ժողովուրդի Կիլիկիոյ մէջ հաստատման ու մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, ու Կիլիկիոյ պարպումը հայութենէ:
Այս բոլոր գիրքերուն մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ 11 երկար տարիներու արգասիքը հանդիսացող ու բազմաթիւ սիսեցի հայ մտաւորականներու տքնաջան աշխատանքը եղող կոթողական այս գիրքը՝ «Սիս Մատեան»ը: Այս 771 մեծածաւալ էջերէ բաղկացած հատորին, շատերու կողքին, գլխաւոր երկասիրողը եղած է սիսեցի յայտնի մտաւորականներէն Միսաք Քէլէշեան: Ապա գիրքը կը վաւերագրուի քննական յանձնախումբի մը կողմէ 1949ին, հրատարակութեան նախօրեակին:
Վաւերագիր
««Սիս Մատեան»ի հրատարակչական կեդրոնական վարչութեան Դ. նիստի որոշման ընդառաջելով՝ ձեռնարկեցինք Սիսի պատմութեան քննարկութեան՝ նկատի առնելով բոլոր պարագաները՝ պատմական եւ աւանդական շրջաններուն առնչութեամբ, եւ ուրախ ենք յայտնելու որ բոլոր մշակուած նիւթերը, ողջամիտ, անկողմնակալ եւ անաչառ ոգիով մը խմբագրուած եւ ուսումնասիրուած են, մանաւանդ մեր ծննդավայրին կենցաղավարութեան պայմանները ցոլացուած են հոն ճշգրտութեամբ:
Հետեւաբար, խորապէս գնահատելով երկասիրող պ. Միսաք Քէլէշեանի տքնաջան աշխատութեանց արդիւնքը՝ կը վաւերացնենք հեղինակին ընդգրկած ուղղութիւնն ու ճշմարտութեան մօտենալու նախանձախնդրութիւնը, եւ կը յանձնարարենք մեր բոլոր ազգակիցներուն անվարան հետեւիլ այս հոյակապ հատորին արձանագրած դէպքերուն՝ զայն ընդունելով իբրեւ իրենց սնարին անհրաժեշտ մէկ զարդը»:
Քննական Յանձնախումբ՝
Վարդան Գնդունի
Աշոտ Գասարճեան
Պէյրութ 18 Ապրիլ 1949
Գալով գիրքի ծրագիրին նիւթական մտահոգութեան, Միացեալ Նահանգներու սրտցաւ հայրենակիցներէն տոքթ. Մանասէ Սեւակ՝ Ամերիկայի Գիտական կաճառի անդամ, Յարութիւն եւ Գեղամ Կէօքճեան եւ Յակոբ Աջապահեան, մղուած այսպիսի գործի մը ներկայացուցած անհրաժեշտութենէն, տոքթ. Սեւակին միջոցաւ կ՛առաջարկեն սկսիլ գործի, նիւթականի ապահովութիւնը թողելով իրենց, նոյնպէս նիւթական իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Սիս Մատեան»ի հրատարակութեան կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ, ազգային բարերար՝ Միսաք Ազիրեան, որուն մանկապատանեկան տարիներուս պատիւը ունեցած եմ ծանօթանալու, ձեռքը համբուրելու ու իր օրհնութիւնը ստանալու:
Կիլիկիան կազմուած է 5 գաւառներէ՝ Ատանա, Մերսին, Ճեպել Պերեքեթ, Գոզան «Սիս» եւ Իչիլ: Սիսի սահմանները եղած են հիւսիսէն՝ Վահկայ եւ Հաճըն, հարաւէն՝ Անարզաբա, արեւելքէն՝ Կարս Պազար, արեւմուտքէն՝ Տաւրոս: Մայրաքաղաքը Սիս՝ կերտուած է դիրքի մը վրայ, ուր վերջ կը գտնէ դաշտային Կիլիկեան ու կը սկսի լեռնայինը. վայրը եղած է եզական ու ռազմականօրէն ամուր: Սիսը եղած է արեւելքի ու արեւմուտքի քաղաքակրթութեան գերագոյն շաղկապը, եւ զանազան եկեղեցիներու կեդրոնը: Սիսը՝ իբրեւ ընդհանրական կաթողիկոսութեան աթոռ ծառայած է երկար տարիներ, 1293էն մինչեւ 1441 թուականը: Գրիգոր Մուսաբէկեան կաթողիկոս, մերժելով Էջմիածին երթալ եւ հոն գահակալել՝ շարունակած է Սիս մնալ, որուն յաջորդած են 40 կաթողիկոսներ, 1440էն մինչեւ 1945 թուականը:
«Սիս Մատեան»ը՝ այս ծաւալուն ու բազմաբնոյթ հատորը, կարելի չէ ներկայացնել քանի մը յօդուածներու միջոցաւ։
«Սիսեցի Աղջիկը». թրքական դարաւոր զուլումներու եւ շփումներու ազդեցութեամբ, Սիսեցի աղջիկը մասամբ մը կորսնցուցած է իր հայրենի յատկութիւնները, սակայն պապենական աւանդութիւններու, եկեղեցիին ու կրօնքին հանդէպ, անեղծ մնացած են իր բարեպաշտիկ զգացումները:
Իբրեւ աղջիկ՝ ան զրկուած էր վայելելու դպրոցական կեանքը մինչեւ ութսունական թուականները, իսկ «Արարատեան» եւ «Կիլիկեան» դպրոցասէր միութիւնները 1880ին ձուլուելով «Միացեալ Ընկերութիւն» անունով ասպարէզ գալէն ետք, ուսման առաջին ճաճանչները կը փայլին Սիսի մէջ: Սիսեցի աղջիկը մանկութեան շրջանին պարտաւոր էր օգնել իր մօրը՝ լուացքի, կարի, կերակուրներու եւ լաւաշ հացի պատրաստութեան, կով կթելու ու այլ անհրաժեշտ գործերու. անվարժ աղջիկները կ՛արհամարհուէին: Այս պատճառով, Սիսեցի մայրը կը ջանար տանտիկին աղջիկներ պատրաստել՝ անտեսելով մտաւոր զարգացումը: «Աղջիկը դպրոցը ի՞նչ պիտի ընէ, վարժապե՞տ մը պիտի ըլլայ» բացատրութիւնը կը յատկանշէին՝ Սիսեցի կնոջ մտաւորական շարժումի հանդէպ ունեցած տխուր մտայնութիւնը: Աղջիկը պարտաւոր էր հագնիլ մանչի նման կօշիկներ, անճիւղ շրջազգեստ, եւրոպական տպածոյէ կամ տեղական մանուածոյէ ներքնոցով մը, գուլպայի գործածութիւնը հազուադէպ էր. անոնք, որոնք կը փափաքէին, իրենց ձեռքով կը հիւսէին բամպակէ կամ բուրդէ՝ միայն ձմրան համար: Օղի գործածութիւնը պարտաւորիչ ըլլալով, ամէն աղջիկ պէտք էր ունենար ծակուած ականջներ. մանկաբարձները՝ փոքրիկներու ծնած օրն իսկ, նորածինին երկու ականջներուն բլթակները ծեծուած սխտորով լաւ մը շփելէ ու թմրեցնելէ ետք, ասեղով մը կը ծակէին ու կ՛անցնէին դերձանէ օղակ մը մինչեւ որ վէրքը սպիանար ու անոր յաջորդէր օղը:
Նոր Տարի կամ Կաղընտես. Նոր տարուան առիթով պարտաւորիչ էր ունենալ նոր հագուստ կապուստ: Վարժարաններն ու շուկան կը փակուէին, փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ կը համբուրէին մեծերու ձեռքերը եւ կը ստանային նուէրներ եւ օրհնութիւններ: Դպրոցական աշակերտները զիրար գերազանցելու համար, գուլպա, թաշկինակ, անուշեղէն եւ պտուղներ կը նուիրէին իբրեւ կաղանդչէք իրենց ուսուցիչներուն: Աշակերտական կաղընտեսին կարճ խրատական քանի մը խօսքեր ուսուցիչներուն կողմէ, ապա ձեւակերպութիւններէ ետք կը սկսէր արձակուրդը: Նախորդ գիշեր մանուկներու անվերջ շարանները օդը կը թնդացնէին իրենց կաղընտեսին երգերով, որոնք, դժբախտաբար, զուրկ էին հայկական դրոշմէ՝ այլ անպաճուճ կերպով, թրքերէն տղայական արտայայտութիւններ: Ամէն խումբ կ՛ունենար իր ջահակիրը, որ իր ձեռքին լապտերով մը կամ, ի հարկին, եղեւնափայտով կը կատարեր ուղեցոյցի դերը, ինչպէս նաեւ գանձապահը, որ տոպրակի մը մէջ կը լեցնէր տրուած նուէրները, որ կը բաժնուէին թաղի շրջանը լրացնելէ ետք: Եկեղեցի երթալը պարտաւորիչ էր այն հաւատքով որ Նոր տարուան առաջին օրը, կրօնասէր, ծնողասէր եւ բարի եղող մը, նոյն ընթացքը պիտի ունենար բոլոր տարուան ընթացքին: Միեւնոյն հաւատքով սովորութիւն եղած էր բախտը փորձելու համար, Նոր տարուան առաջին եւ յաջորդ գիշերը լուսցնել բախտախաղով:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Dr. Vartan Tashdjian & Dr. Raffi Tasdjian
Տոքթ. Յակոբ եւ Լիւսի Տիգրանեան եւ ընտանիք
Խունկ եւ Աղօթք մեր Նահատակներու յիշատակին
Ճորճ եւ Արաքսի Թիթիզեաններ
Տոքթ. Րաֆֆի եւ Տոքթ. Թամար Չալեաններ եւ Դուստրերը՝ Անի եւ Էմմա
Տոքթ. Արմէն Արա եւ Տոքթ. Ժուլիանա Չալեաններ եւ Զաւակը՝ Արա
Drs. Chris & Laurie Chalian Saro, Ari & Arme
Jet Line Air Cargo
Krikor Hovsepian
Los Angeles
310-419-7404
Hrant Simonyan
Yerevan
58-06-40
Chelebian Family
Նաթալի Սավուլեան
Արդարութեան պայքար մինչեւ «յաղթանակ»
Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի Աշակերտուհին կը հովանաւորէ «Ասպարէզ»ի այս փոքրիկ անկիւնը
Ես ալ ձեր հետ միասին կը պատուեմ յիշատակը
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ կ՛աշխատիմ
յանուն Հայաստանի ապահովութեան
ամրապնդման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին:
Քոնկրեսական
Էտըմ Շիֆ