ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանիին տակ, Կիրակի, Ապրիլ 29ին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ նոր համալիրին հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն համար պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբին կողմէ, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճէքեան։
Եկեղեցական արարողութեան կողքին նաեւ կը նախատեսուին ելոյթներ եւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ եկեղեցւոյ երիտասարդներուն մասնակցութեամբ։ Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Եկեղեցւոյ նոր համալիրին հասցէն է՝ 13860 El Camino Real, San Diego, CA 92130։
Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցի ծրագիրը երկար պայքարէ մը ետք վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ յանձնաժողովին կողմէ: Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող եւ 18 արտավար տարածքի մը վրայ հաստատուող նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի հանգրուաններով, իսկ անոր աւարտին, շրջափակէն ներս պիտի ըլլայ նոր եկեղեցի, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ծրագիրին աջակցելու համար, այցելել www.stjohngarabed.org կայքը, կամ դիմել
jspaloalto@sbcglobal.net եւ
stjohngarabedsd@gmail.com հասցէներուն: