ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ
Ֆրեզնոյէն լաւ լուրեր կան: Մարած աստղի մը նմանող մեր գաղութը երբեմն կը փայլփլի: Այսպէս, Մարտ ամսուան ընթացքին, եկեղեցական առատ արարողութեանց շարքին տեղի ունեցան նաեւ ազգային ձեռնարկներ:
Արդարեւ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը յաջող ձեռնարկ մը կազմակերպեց Շաբաթ, Մարտ 17ին: Երեկոն նուիրուած էր Սողոմոն Թեհլիրեանի 97րդ յաղթական տարեդարձին, երբ ան Պերլինի մէջ ահաբեկեց թուրք դահիճ Թալէաթը: Որքա՛ն տարիներ կ՛անցնին, ա՛լ աւելի ուժեղ կը դառնայ վրէժի եւ ցասումի մեր ապրումը: Քոհար Սանիկեան խիզախ ելոյթով մը բացումը կատարեց ձեռնարկին՝ շեշտելով Թեհլիրեանի յաղթական վրէժի զարկը: Խօսք առաւ նաեւ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ատենապետ Կարօտ Գարօղլանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որոնք օժանդակած էին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Պէտք է ըսել, որ սրահի յարդարումը, սպասարկութիւնը եւ կոկիկ յայտագիրը բացառիկ էին եւ յարգանք կը պարտադրէին ուխտի բոլոր երիտասարդներուն հանդէպ: Անոնք յաջողած էին նաեւ Արեւմտեան մեր շրջանի ուխտերու երիտասարդութեան մասնակցութիւնը ապահովել:
Նորակառոյց այս կեդրոնը օժտուած է նոր սրահով մը՝ նուիրատուութեամբը Մելիք Շահի զաւակ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններու: Տեղին ի յիշել նաեւ բարերար Յովհաննէս Պուլատեանի 5000 տոլարի նուիրատուութիւնը: Բարերարը փափաք յայտնած է Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին մօտ կանգնեցնել երկու յուշաքարեր:
Երեկոն շուրջպարերով խանդավառեց ներկայ երիտասարդութիւնը: Երեկոյի յաջողութեան մէջ մեծ բաժին ունէր նաեւ օրուան երգիչը, որ խնամքով պատրաստած էր իր երգացանկը: Կէս գիշերին պատահեցաւ ամենագեղեցիկ անակնկալը, երբ երգիչ Յարութ Յակոբեան սկսաւ յեղափոխական երգեր մատուցելու: Սրահը կը թնդար, երբ երգիչը հրաւիրեց երիտասարդները, բեմին վրայ մասնակից ըլլալու յեղափոխական երգերուն: Վերջաւորութեան, ամբողջ ուխտը բեմ բարձրացաւ՝ միասին երգելու «Արիւնոտ Դրօշ»ը: Տեսարանը եզակի էր եւ պատիւ ներշնչող:
***
Երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մարտ 28ին, Ֆրեզնոյի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի սրահին մէջ: Կազմակերպիչն էր Վարուժան Տէր Սիմոնեան՝ նոյն հիմնարկի տնօրէնը: Հայաստանէն յատուկ հրաւիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի անուան թանգարանի տնօրէնուհի Նարինէ Խաչատուրեանը: Բանախօսին կ՛ընկերակցէր նաեւ սոյն ձեռնարկը հովանաւորող Արմինէ Գունտաքճեան:
Յիշենք, որ Արմինէ Գունտաքճեանը կը շարունակէ ամուսնոյն՝ հանգուցեալ Վարուժ Գունտաքճեանի, ազգային ծառայութիւնը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Վարուժան Տէր Սիմոնեանի բացման խօսքով: Ան տեղեկացուց, թէ ինչպէ՛ս սկիզբ առաւ այս հանդիսութեան գաղափարը: Արդարեւ, Թումանեանի անուան թանգարանի անձնակազմը կազմակերպած էր ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Թումանեանի երեք նահատակ զաւակներուն, որոնք զոհ գացած էին Սթալինեան սպանդներուն: Այս ցուցահանդէսը նախ արգիլուած է պետական ենթակառոյցներուն կողմէ, սակայն խիզախ անդամներ, որոնք նեցուկ կանգնած են թանգարանին, պատճառ դարձած են, որ անիկա շարունակուի: Ահա ա՛յս եղած է շարժառիթը սոյն ձեռնարկին:
Բանախօս Նարինէ Խաչատուրեան նախ տեղեկութիւններ փոխանցեց Թումանեանի անուան թանգարանին մասին, ապա պատմեց վերոնշեալ դէպքը: Ան ըսաւ, որ նշեալ ցուցադրութեան խորագիրն էր՝ «Խաւարում»… Արդարեւ, խաւարեցաւ հայու հոգին, երբ Սթալինի տմարդի հրահանգներուն զոհ գացին շուրջ 45,000 քաղաքացիներ: Բանախօսը անդրադարձաւ սպանդի այն տարիներուն՝ 1937-1938, երբ գրողներն էին բուն թիրախը: Այդ գրողներու առաջնակարգին էին Ակսել Բակունցն ու Եղիշէ Չարենցը: Անոնք սպաննեցին կամ աքսորեցին գրողները, եկեղեցականները, ինչպէս նաեւ մշակոյթի վերելքին նուիրուած բարի մշակները: Սիպերիա քշեցին ժողովուրդին մեծ մասը, որուն ի յիշատակ հատորներ նուիրուեցան վերջին տասնամեակներուն: Սարսափելի տեղեկութիւններ փոխանցեց բանախօսը, երբ բացատրեց, թէ նոյնիսկ երեխաները գնդակահարուած էին: Ներկաներուն հետաքրքրութիւնը այս նիւթով շատ մեծ էր: Հարցում-պատասխանի առիթ եւ նոյնիսկ պոռթկումներու պահեր տեղի ունեցան ընթացքին: Նիւթը նման էր հրաբուխի մը, որ կը ծխայ, բայց դեռ չէ պայթած:
Տրամադրութեանս տակ ունէի Պօղոս Սնապեանի «Երկու Սպանդ» գիրքը, զոր յանձնեցի բանախօսին: Վաւերագրական գիրք մը, ուր յիշուած են Լենինի եւ Սթալինի գազանային արարքներուն զոհ գացած Հայաստանի գրողներ եւ հասարակական գործիչներ: Ներկաներուն մէջ յայտնուեցաւ նաեւ հայորդի մը, որ օրին Սիպերիա աքսորուած, սակայն վերապրած էր:
Այս ձեռնարկը կը բանար Հայաստանի ժամանակակից պատմութենէն ցաւագին էջ մը, որ դեռ ամբողջովին չէ բացուած եւ տակաւ կը մնայ խաւարի մէջ: