5 հայ գործարարներ՝ Սամուէլ Կարապետեան, Նիկոլայ եւ Սերգէյ Սարգիսովներ, Ռուբէն Վարդանեան եւ Ալբերտ Աւդոլեան, կը գտնուին «Ֆորպզ» ամսագիրին հրապարակած Ռուսիոյ 200 ամենահարուստ գործարարներու վարկանշային ցանկին վրայ:
Ցանկը պատրաստուած է գործարարներու ծախած սակագիներու եւ շահաբաժիններու վաճառման դիմաց ստացուած կանխիկ գումարներու չափերուն հիման վրայ։
«Ֆորպզ»ի ռուսական տարբերակին համաձայն՝ հայազգի գործարարներու կարողութեան ընդհանուր գումարը շուրջ 6.8 միլիառ տոլար կը կազմէ:
Ռուսիաբնակ Սամուէլ Կարապետեան «Ֆորպզ»ի 2018ի 200 ամենահարուստ գործարարներու վարկանիշի ցանկին վրայ կը զբաղեցնէ 30րդ տեղը: Սամուէլ Կարապետեան ցանկին վրայ ընդգրկուած հինգ հայերէն ամէնէն աւելի նիւթական կարողութիւն ունեցողն է։ Կարապետեանի ընդհանուր դրամագլուխը, որ կը գնահատուի 3.7 միլիառ տոլարով, նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ աւելցած է 0.3 միլիառ դոլարով:
«Վարդանեան, Պրոյթման եւ գործընկերներ»ու համահիմնադիր, նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ նախագիծերու հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան 2018ին, Ռուսիոյ ամենահարուստ գործարարներու վարկանշային ցանկին վրայ կը զբաղեցնէ 109րդ տեղը: Գործարարին ընդհանուր դրամագլուխը կը գնահատուի 950 միլիոն տոլարով:
«Ֆորպզ»ի ցանկին վրայ «Թելքոնեթ» (Telconet) հիմնարկի համասեփականատէր Ալբերտ Աւդոլեան կը գրաւէ 146րդ տեղը: Անոր ընդհանուր դրամագլուխը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլարով: