ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ.- Օրենճ Քաունթիի հայկական գաղութը բախտաւոր է ունենալու տաղանդաւոր, վարպետ խոհարարուհի մը՝ Ծովակ Գարամարտեանը, որ միութենական հանգանակային պէտքերուն կը հասնի՝ իր ճաշարանը տրամադրելով կամ եփել սորվեցնելով: 1987ին, ան սկսած է Թասթըն քաղաքի «Zov՛s Bistro» փոքր խանութէն, որ աւելի վերջ ընդարձակուեցաւ՝ վերածուելով ճաշարանի, իսկ ներկայիս չորս ճաշարաններու, բնական նիւթեր գործածելով եւ համեղ ճաշեր տրամադրելով. անիկա ժամադրավայր կը յատկացնէ իր յաճախորդներուն, որոնց «համը բերանը կը մնայ»՝ վայելելով ճաշարններուն համեղ ուտեստեղէնը:
Ապրիլ 13ին, «Ալզհայմըր» միութեան Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը, առաջին անգամ ըլլալով իրականացուց կիներու յատուկ ճաշկերոյթ մը եւ պատուեց Ծովակ (Ծով) Գարամարտեանը՝ անոր նուիրելով մտագարութեան (dementia) հիւանդութենէն տառապող կնոջ մը կողմէ նկարուած գծագրութիւն մը:
Գարամարտեան, մասնաճիւղի վարիչ գործավարին՝ Էնն Կրէյի կողմէ պատիւին արժանանալէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ. «Կը յուսամ, որ վերջ կը գտնէ այս հիւանդութիւնը՝ առողջարար ուտելու միջոցով, ինչ որ իմ տեսանկիւնս է: Ես պիտի շարունակեմ օգտագործել թարմ ուտեստեղէն, ձեր ուղեղներուն եւ սիրտերուն համար»:
«Ալզհայմըր»ի ամէնէն հասարակ տեսակը մտագարութեան հիւանդութիւնն է, որուն պատճառները կամ զայն կասեցնելու ձեւերը տակաւին շատ յստակ չեն, բայց ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին այդ ուղղութեամբ:

Ձեռնարկին ընթացքին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Քեք» բժշկագիտութեան բաժանմունքէն դոկտ. Ճուտի Փան ներկայացուց այս գծով վերջին նորութիւնները՝ ուղեղի կրած փոփոխութիւններու պատկերներ ցոյց տալով եւ բացատրութիւններ փոխանցելով, իսկ կանխահաս մտագարութենէ տառապողի կին Լես Սաթին, որ նաեւ օգտուած էր միութեան ծառայութիւններէն, զգացական սրտի խօսք մը փոխանցեց:
Գարամարտեանի կ՛ընկերակցէին իր աշխատակիցները՝ ամուսինը՝ Կարպիս, զաւակները՝ Թալին եւ Արմէն, ինչպէս նաեւ այլ ընտանեկան պարագաներ եւ բարեկամներ:
Այս առթիւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 68րդ ընտրատարածքի ներկայացուցիչ դոկտ. Սթիվըն Չոյ եւս գնահատագիր մը շնորհեց անոր: