ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ապրիլ 24 է. Մեծ Եղեռնի յիշատակման թուականը:
Արդէն հարիւր եւ աւելի տարիներ անցած են մեր ցեղին առջեւ ցցուած վճռական այդ օրերէն: Տարիներով այս մասին խօսած ենք: Գրած: Սգահանդէսներ նախեռձեռնած: Հրապարակային հանդիսութիւններ կազմակերպած: Ցոյցեր կատարած: Բողոքած: Բազուկի դիմած: Երազած, եւ միշտ ալ արդարութեան կանչին սպասած: Ու Աստուած գիտէ այդ արդարութիւնը փնտռելու համար, որքա՜ն դռներ թակած ենք: Ու մինչեւ այսօր, կրկնութեան գնով ըսեմ, որքա՜ն յիշած եւ որքա՜ն ալ խօսած ենք այս բոլորին մասին:
Ահա մենք: Հայերս: Այս մենք ենք՝ եւ մեր Ապրիլ 24ը:
Թուական մը, որ միայն մեզի կը պատկանի: Մենք ենք անոր արդարութեան համար մաքառող առաջին եւ վերջին պահանջատէրը: Յիշեցէ՛ք: Պատմութեան ընթացքին արդէն ամէն բանի մէջ ալ միշտ առաջին գիծի վրայ եղած ենք: Չէ, որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն էինք եւ ահա՛, քսաներորդ դարու անմարդկային ոճիրի մը առաջին զոհը: Ճակատագիր:
Թուական մը, որ նաեւ կը լեցնէ մեր միտքն ու հոգին, առանց խտրութեան: Կը սրէ մեր երեւակայութիւնը ու այսպէս մեր գիտակցութեամբ ինքնաբերաբար կը խորանանք մեր ճակատագրի պատմութեան այդ դառն էջերուն մէջ ու մենք զմեզ կը փորձենք գտնել:
Անոր համար իւրաքանչիւր հայ այս օրերուն, տագնապները իր սրտին մէջ, խորհրդածութեան առարկայ կը դարձնէ այս ահաւոր թուականն ու անոր հետ կապուած ջարդը, այդ մեծ կոտորածը, այդ ծրագրուած տեղահանութիւնը եւ իր հայրենական հողերու բռնագրաւումը: Այլ խօսքով՝ իր ժողովուրդի այդ օրերու իրավիճակը, ապա միտքը կը զարնէ պատահարի դարուն եւ կը փորձէ ինքզինք կողմնորոշել ու վերակենդանացնել իր կեանքի եւ յատկապէս իր ժողովուրդի պատմութեան զանազան երեսները:
Ու հայը չի մոռնար, որովհետեւ Ապրիլեան այս օրը իրեն համար տարբեր օր է:
Ան անպայման կը յիշէ, որ դար մը առաջ, այդ օր, իր ազգին անապատ տուին: Կողոպտեցին դարերու իր մշակոյթի ամբարումն ու կուտակումը, պարծանքն ու հարստութիւնը: Իր հաւատքին համար զինք տեւաբար եւ անխնայ Ճզմեցին: Դուրս դրին զինք իր հողերէն: Աքսորեցին: Անխնայ ջարդեցին: Իր հայրենի երկրին մեծ ու փոքր գետերը արիւնով լեցուցին եւ իր պապենական տուներու սպիտակ ծուխը սեւի վերածեցին իրեն վիճակելով նոր կացութիւն:
Այլափոխուեցաւ իր ճակատագիրը ու դարձաւ բոց եւ կեանքն ալ՝ մահ: Բայց հայու իր միտքը միշտ նաւարկեց յիշողութեան գետին վրայ: Ըսինք, որ թէեւ այդ օրերուն հայրենի տուներէն ներս հայ երգը լռած էր, սակայն հայը ուր որ ալ գացած էր կամ տարագրուած, եւ կամ տեղահանուած ու աքսորուած, խաղաղութեան ծուխը իր հետ բերելով նոր քաղաքներու եւ գիւղերու, երկիրներու ու ցամաքամասերու վրայ նոր տուներ շինած էր: Դպրոց եւ եկեղեցի կառուցած էր եւ իր աչքերը միշտ յարած պահած՝ դէպի պապենական հողերը ու անոնց վերատիրանալու կարօտովը ապրած:
Հայը նաեւ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, այդ ծուխին համար հերոսներ տուած է, որովհետեւ հաւատացած է սրբազան դատին եւ անոր այժմէականութեան:
Ու այս մէկը, պատիւ իրեն, ծնունդն է իր ազգային յանձնառութեան:
Ապրիլ 24: Պատմական թուական մը, որ մեզի՝ հայերուս ծնունդ տուաւ նոր կացութիւն մը: Այսպէս ստեղծուեցաւ Սփիւռք եւ որ իր կարգին ստեղծեց Հայ Դատ: Հարկ է այս բոլորը միշտ ըսել, յիշել եւ յիշեցնել: Աշխարհը արդէն տեղեակ է, որ հայը պահանջատէր ալ է: Հաւատարիմ է իր էութեան: Նման մօտեցում կ՛ենթադրէ ամէն օր առաւել հայանալ ու զգաստանալ:
Սակայն էական է, հասկցնել աշխարհին, որ թէեւ մեզի «դժոխք» տուած էին եւ անապատներ, սակայն հայ մայրը նոյն այդ անապատի աւազին վրայ իր կամքը հաստատած էր: Հայ մայրը, իբրեւ գերագոյն յոյս եւ փրկութիւն, ի խնդիր իր ազգի յաւերժութեան, ապաւինած էր իր մայրենիին եւ իր չորցած մատներով, այդ անյոյս աւազին վրայ, իր սովամահ զաւկին սորվեցուցած Մեսրոպեան տառերը, որպէսզի ան չկորսնցնէ հայու իր դիմագիծը: Ահա կտակ մը որուն մէջ դարբնուած է հայու յաւերժութեան ոգին: Ահա մեզի հասած կտակը:
Էհ, լաւատեղեակ ենք բոլորս ալ, որ լեզուն գանձ է ու հարստութիւն: Քաղաքակրթութեան ու նաեւ քաղաքական կեանքի դրսեւերում: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար, մենք պէտք ունինք մեր հայերէնին:
Չմոռնանք: Այս է մեզի ժառանգ ինկած աւանդն ու պատգամը: Աւանդ՝ հասնելու «լոյսին»: Պատգամ՝ ապրելու գիտակցօրէն եւ գոյատեւելու՝ յանուն մեր ինքնութեան պահպանման: Ազնիւ ձգտում՝ դէպի ամբողջականութեան: Յաւերժութեան: Յաւիտենականութեան:
Իսկ այսօր: Ա՜խ… այս օրերուն…։ Մտահոգ կը նայիմ սփիւռքեան կեանքի մեր ճեղքուածքներուն մէջէն ու երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագիրին մասին եւ մօտէն կը հետեւիմ յատկապէս անոր արեւմտհայերէնի գործածութեան եւ անոր քայլերուն:
Ճիշդ է, որ միշտ հանգիստ ծովու վրայ չենք լողացած: Դարձեալ ճիշդ է, որ հայը ապրող ժողովուրդ է եղած, կենսուրախ, դիմացող, լաւատես: Ալ հերի՛ք է մենք զմեզ խաբենք: Ժամանակն է, որ հեռու մնանք պոռոտախօսութիւններէ եւ ձեւականութիւններէ ու անդրադառնանք մեր այս հսկայ եւ տխուր իրականութեան:
Բարդոյթ եւ ան ալ սփիւռքեանը: Այս բարդոյթէն կը տառապինք: Սփիւռքեան մեր արեւուն տակ «ամէն բան լաւ է՛…», կ՛ըսենք եւ մանրուքներով կը հպարտանանք: Կը պատկերենք: Փշրանքներով կ՛ուրախանանք: Կը զարդարենք զանոնք իբրեւ…:
Ահա բարդոյթը: Եւ այս մէկը կու գայ յաճախ մեր ընտանեկան յարկերէն: Արդեօք չե՞նք տեսներ, որ հետզհետէ կը կորսուին մեր սրբութիւններն ու բարոյական հասկացողութիւնները: Արդեօք իսկապէս մոռցած ենք ապրիլեան մեր ժառանգած խորհուրդին իմաստը:
Պէտք է դարբնել հայու հոգին: Կը կրկնենք: Սակայն որո՞ւ համար: Իրականութիւնը ինչ անողոք է: Ո՞ւր մնացին մեծ բաղձանքները, մեր յոյզերն ու խորհուրդները, ազգային մեծ ակնկալութիւնները: Բացառութիւնները մեկդի: Վախս այն է, թէ հորիզոնները այս ընթացքով կրնան նեղնալ եւ պատճառ դառնալ, որ սփիւռքեան մեր վաղը առաւել անստոյգ դառնայ:
Տողերուս դրած եմ համարձակութիւն, տխուր եւ վշտոտ, որովհետեւ ցաւը մէջս է, որ կու լայ: Որովհետեւ նաեւ տեսանելի է շատ մը հայ տուներէ ներս հայերէնի բացակայութիւնը: Մեր մայրենին հոն նոյնիսկ անտեսուած ու հալածուած է: Արդէն այս Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր ազնիւ ու վեհ հոսանքներն ու զգացումները:
Սակայն ինչո՞ւ: Եթէ ինծի հասցէագրուին այս «ինչուները» յստակօրէն կը պատասխանեմ: Երբ հայ ընտանիքին մէջ հայեցի կրթութեան թուլութիւնը սովորական վիճակ պարզէ, երբ ամէն տեղ հայ դպրոցի, հայ ուսուցիչի, հայ մամուլի եւ հայ գիրքի ու մանաւանդ հայ լեզուի հանդէպ անտարբերութիւն ցուցաբերուի եւ ընդհանրապէս զանազան պատճառաբանութիւններով ազգային մեր մտածողութեան եւ արժէքներու թերագնահատում որդեգրուի, դժբախտաբար ազգային մեր հարցերը պիտի մնան անլոյծ եւ պիտի դառնանք զոհերը օտար մտածելակերպերուն եւ անոնց կազմած մտայնութիւններուն:
Ձուլումը մեր դրան շեմին կանգնած է: Տեսանելի եւ նոյնքան ալ զգալի: Յանցաւոր չփնտռենք: Բոլորս ալ մեր կարգին մէկակական յանցաւորներ ենք: Ապրիլեան այս օրը մեզի կը թելադրէ, ըլլալ կայտառ, հզօր ե՛ւ ազատ կամք ե՛ւ պահանջատէր նկարագիր ունեցող հայեր, որուն մէջ թաքնուած ըլլայ մեր ազգային վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:
Ուստի սթափուինք: Մեզմէ, մեր իսկ տուներէն սկսելով եւ հասնելով մեր վարժարաններուն եւ միութենական եւ կազմակերպչական հինցած ու մաշած աշխատանքերուն եւ ծրագրումներու ներկայ կարգավիճակներուն: Ամէն տեղ անհրաժեշտութիւն կը նկատենք նոր մթնոլորտի մը:
Կարեւորը չկորսնցնենք հայ հոգիի բանալին:
Կարեւորը միշտ պատրաստ ըլլանք ամէն անակնկալի դիմաց: Էական է, որ հայերէն լեզուն դարձնենք առօրեայ կեանքի խօսակցական լեզուն: Տեսնուած է, որ այս օրերուն կարգ մը սփիւռքներէ ներս կը վերլուծենք ոչինչը, հիւանդոտ միտքերով կը զննենք պարապը: Այս մէկը վտանգ է: Ժամավաճառութիւն:
Կարծես արդէն վարժուած ենք, կը սիրենք այսպէս ապրիլ: «Հանգիստ» եւ «անխռով»: «Մեզի ինչ» կամ «ինծի ինչ» արդարացումով: Կարծես իրապէս այլափոխուած ենք: Ճամբայէն շեղած: Ուրիշը ընդօրինակած ենք: Մեր երազները լռած են:
Արդեօք այս ձւեով մենք գիտե՞նք, թէ ուր կ՛երթանք:
Բառերս նաեւ կը պարտադրեն յստակ իրականութիւն: Ժամանակները նիւթականացած են, ըսած եմ միշտ: Այս օրերուն դաժան է հայ ըլլալն ու մնալը: Գրուած եւ անգիր երգ մըն է այս մէկը:
Անոր համար մենք զմեզ կը փնտռենք ամէն տեղ:
Տէր կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան: Կը շեփորենք: Պահել մեր լեզուն մեր արեւու լոյսին նման անեղծ եւ պայծառ: Առանց այդ լոյսին կարելի չէ ըմբռնել Արարատեան մեր լեզուն:
Էհ, եթէ տեղեակ չէք, ըսենք, որ մեր լեզուն ցեղ է եւ ազգային միութիւն: Ուստի պէտք է տէր կանգնիլ եւ պաշտպանել անոր իշխանութիւնը: Այս է պահանջուածը: Օտար դպրոց, օտար ամուսնութիւն. մէջտեղ կու գայ օտար սերունդ: Եւ երբ սերունդը զրկուի իր մայրենիէն, ան ոչ միայն կը կորսնցնէ ազգային իր մտածողութիւնը, այլ նաեւ պատմական իր ժառանգութիւնն ալ, պայքարելու պատրաստակամութիւնն ալ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի իր գիտակցութիւնն ալ հայու ինքնութեան եւ հայու պատկանելիութեան կողքին:
Բայց ո՞վ է լսողը: Ո՞վ է այս տողերը կարդացողը: Աղուոր անկեղծութեամբ մը ըսեմ, որ հայութիւնը միշտ եւ ամէն տեղ երեք սկզբունքներ ունեցած է: Եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, այլ խօսքով՝ հաւատք, լեզու եւ յոյս ու կորով: Իսկ հիմա, եթէ կր հաւատանք Սփիւռքի կարեւորութեան, ուրեմն մեր գաղութներէն ներս կարիքը ունինք ծառայող միտքերու, տեսակէտ եւ կեցուածք ունեցողներու, առողջ քննադատներու, եւ իրապաշտ մօտեցումի տէր մարդոց: Ահա հայկական ոճ եւ մտածողութիւն:
Ժամանակն է, որ Սփիւռքեան մեր մտածող միտքերու բեկորները անմիջապէս մէկտեղենք, անկեղծ մօտեցումով եւ վերաբերումով ու միասնաբար մէկ յարկի տակ:
Այս մէկը սոսկ զգացական պոռթկում մը չէ: Հաւատացէ՛ք: Հողի, հաւատքի, լեզուի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք, չի նշանակեր որ ամէն բան բախտին պէտք է որ ձգենք: Անկասկած: Մեր միտքերը նոր զարթօնքի պէտք ունին: Զիրար չխաբենք: Վերանորոգում: Բոլորս ալ պէտք է տագնապինք, մտահոգուինք, խանդավառուինք, սակայն երբեք չյուսահատինք:
Ապրիլ 24է դարձեալ ու այս բոլորէն ետք, ինծի կը մնայ աշխարհի հայուն մաղթել Ապրիլեան անապատէն իբրեւ ժառանգ ինկած, իր հոգիին մէջ հայու լոյսն ու արեւը ունենալու եւ զանոնք միշտ պայծառ պահելու երջանկութիւնը:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Դոկտ. Օննիկ եւ Քրիսթին Քէշիշեաններ եւ Զաւակը՝ Նարեկ
Տիկ. Հուրիկ Ապտուլեան
Հրայր եւ Աստղիկ Թէճիրեաններ
Tchakerians of Yozgat
Դոկտ. Տիրան եւ Շաքէ Արոյեան
Dr. Armen & Mrs. Azniv Geonjian & Family