ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ապրիլ 24ի դառնայուշ օրերու յիշատակը դարձեալ կը գօտեպնդէ մեզ, աննահանջ շարունակելու մեր հաւաքական պայքարին երթը ազգովին, մինչեւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն ձեռքբերումը՝ հողային հատուցումով եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով, նախ ցեղասպանին, ապա քաղաքակիրթ համայն աշխարհին կողմէ:
Մարդկութեան զարմացուցած են որոշ երեւոյթներ, որոնք իրաւամբ կոչուած են աշխարհի հրաշալիքներ: Անոնց նմանները այսօր կրնան կառուցել մարդիկ, նորօրեայ ճարտարարուեստի հնարաւորութիւններով եւ ճարտարապետական արդիական միջոցներով:
Կան նաեւ աշխարհը զարմացնող ո՛չ նիւթեղէն երեւոյթներ, որոնք փառքը կը կազմեն ազգերու պատմութեան: Այս «հրաշալիքներու» շարքին իր պատուաւոր տեղը ունի մեր ազգը, երկարաձիգ դարերու վրայ տարածուած իր գոյութեամբ եւ մշակութային բարձրամակարդակ ներկայութեամբ:
Հայ ազգը իբրեւ երեւոյթ այս աշխարհի մէջ, նախապատմական ժամանակներէն գոյաւորուած լինելով հայկական բարձրավանդակին վրայ, հեռու շրջակայ «ժխոր»էն, անվրդով չէ՛ անցած երկարդարեայ իր պատմութեան բովէն, որ աւելիով կը շեշտէ անոր գոյութեան հրաշքի համազօր ըլլալը: Լախտի հարուածները միշտ իջեցուած են կամքի տէր անձերու, ինչպէս նաեւ ազգային իրենց ինքնութեամբ հպարտ եւ տառապանքի մէջ իսկ ինքնամխիթար ըլլալու կարողականութեամբ օժտուած ժողովուրդներու գլխուն:
Սով ու լաց, հալածանք ու աւերածութիւն, աքսոր ու ջարդ, մահ ու ցեղասպանութիւն, սուգ ու տրտմութիւն, նահատակութիւն եւ արքայութեան յոյս, լեցուցած են արնագիր էջերը Հայոց պատմութեան, չորցընելով մեր ժողովուրդի երակներուն մէջէն հոսող հեղուկը սուրբ: Բայց անտեսանելի աւիշը կ՛եռայ դեռ անոր մարմինի բոլոր մասերուն մէջ, գոյացնելով նոր արիւն ու մղելով զայն նոր սերունդի մարմինին մէջ, կենսաւորելով զանիկա, փաստելու հայութեան ներկայութիւնը աշխարհի եւ ազգերու ընտանիքին մէջ, անոր արժանապատիւ տեղով ու կարեւոր դերով:
Պահուա՞ծ է արդեօք պարզ արձանագրութիւն, թէ քանի՛ անգամ այրուած է համայնական մեր բոյնը ջերմիկ՝ մեր հայրենի աշխարհը քարքարոտ, կամ թէ քանի՛ անգամ դատարկուած է այն իր հարազատ բնակիչներէն՝ մեր պապերէն լեռնցի, աշխարհացրիւ ընելով զանոնք «մինչեւ ի չորիս ծագս աշխարհի»: Այն բոյնը, որուն իւրաքանչիւր շիւղը մեր պատմութեան դիւցազնախօս մեղրակտուց բերաններով բերուած ու կպցուած է հաստաբուն հինգհազարամեայ կաղնիին: Բոյն՝ որուն մէջ երկնած էր Վահագնը վիշապաքաղ, Հայկն ու Արամը նետաձիգ, Սասունցի Դաւիթն ու առիւծ Մհերը կայծակնաթուր, Աշխէնն ու Տրդատը առիւծասիրտ ու ազգաշէն, Լուսաւորիչն ու Մաշտոցը յաւերժալոյս, Շնորհալին ու Տաթեւացին հաւատապաշտ, ու վերջապէս մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերը՝ վկայախօս:
Մոխրացեր էր բոյնը դարձեալ, 1915ի հողմապտոյտ հրդեհի լափլիզող համայնակուլ կրակով: Իր հայրենի բոյնին մէջ յանկարծական հրդեհով բռնկուած, փիւնիկը նաեւ զոհեց իր թեւերը այս անգամ: 1896ի եւ 1909ի հրդեհները մասամբ մոխրացուցած էին անոր ապագան, իսկ հիմա մոխրաթեւ դարձեր էր նոյնիսկ ինք՝ փիւնիկը պանդոյր: Չքացեր էին անոր փետուրները նուրբ ու երկգոյն, բայց մանաւանդ պայծառ եօթներանգ երկինքները թեւածելու երջանկայոյս կարողութենէն զրկուեր էր ան, հաշմանդամի իր սայլակը քարշ տալով անապատի աւազներուն վրայ, ամենուրեք տարտղնելով իր թեւերուն ու անցեալի փառաւոր պատմութեան մոխրամասունքները:
100 եւ աւելի տարիներ անցեր են այդ օրուընէ: Անապատի անորոշութեան տափաստանային ուղին յոգնեցուցած էր փիւնիկը, կոշտուկներ հագցուցած անոր յամառ ոտքերուն, բայց ահա դարձեալ կը տեսնենք զինք թուխսի նստած: Աւերուած ու մոխրացած իր բոյնի բոցահոտ թախթին վրայ է ան դարձեալ ծալլապատիկ, կարեվեր բայց չյուսահատող աղքատի հզօր կամքով օրհնուած Երկնաւորէն, մինչեւ նորածիլ փետուրներուն բուսնիլը իր մոխրացած թեւերու սրածայր անկիւններուն:
Դարձեալ ճվճվոց է անոր մոխրահոտ բոյնին՝ աքսորականի համեստ հիւղակին մէջ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ Արեւմտեան երկիրներ: Հիւղաւաննե՜ր եւ նպաստամատոյց ընկերութիւննե՜ր վերընձիւղման եւ մարդասիրական օժանդակութեան տեսարան կազմած են, իսկ միւս կողմէ, նպաստընկալ փիւնիկը, որ օրն ի բուն բրինձ ու ձաւար կը կտցէ անոնց շուրջ թռչկոտելով, գէթ փարատելու իր առօրեայ անսուաղութիւնը: Միաժամանակ, իր մոխրացած թեւերով ան ըստ կարելւոյն կը պաշտպանէ իր դեղնակտուց ձագերը, անոնց հագագին մէջ ալ զետեղելով քանի մը հատիկ ընդեղէն, հաւատալով ապագային անոնց ալ թռվռալու յուսալի ունակութեան:
Եւ դարձեալ շիւղակազմուեցաւ բոյնը 1918ի վառ արշալոյսին հետ, իսկ 1991ին՝ փետրախիտ զարդարուեցաւ 100ամեայ փիւնիկը մոխրաթեւ, դարձեալ ճախրելով ազատ ու անկախ կապոյտ ու անամպ երկինքին մէջ հայրենի: Բայց ունի՞ իրաւունք ան իր բոյնը հայրենիքի որեւէ ծառի ճիւղին հիւսելու…։ Արդեօք իր բոյնին մոխրանալու նոր վտանգի սպառնալի՞ք կը տեսնէ իր շուրջ փիւնիկը, իրեն հարազատ թուացող ձեռքերով ու ծանօթ ջահէ վառուած կրակով…։ Որովհետեւ ան ունի՛ դառն փորձառութիւնը, մինչեւ իսկ մոխրացած տեսնելու իր սեփական թեւերը սրագնաց, այսինքն՝ թռչելու իր ամբողջ կարողականութեան արգելակումը…։ Խուժան ասկեարի ձեռքով վառուած կրակին այրուցքը կը մրմրայ դեռ իր եւ իր ծնած ձագերու վարդագոյն մորթին վրայ: Անոնք խորշակահար են այն բոցէն, որ հայրենիքը ամբողջ կրնայ հրդեհել, ինչպէս հրդեհուած էր անոնց տունն հայրենի արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ուրկէ «ափ մը մոխիր» անգամ չմնաց իբրեւ ժառանգ, ըստ Ակնեցի նահատակ բանաստեղծի ողբահիւս վկայութեան:
Ապրիլեան այս նուիրական օրերուն, թող անգամ մը եւս հաւաստիացնենք համայն աշխարհին, թէ մոխրաթեւ 100ամեայ փիւնիկը՝ Հայ Ազգը իր հայրենիքին կամ սփիւռքեան իր գաղթօճախներուն մէջ, դարձեալ կը թռչի եւ՝ վստահաբար կը թռչի, նոյնիսկ եթէ այրեն իր բոյնը, եւ մինչեւ իսկ մոխրացնեն իր թեւերը ու քամիին տան:
Նոր սերունդները դեղնակտուց չե՛ն, այլ արդէն կը թափահարեն իրենց թեւերը ջլապինդ, եւ համարձակ ճախրելով, լայն-լայն դարձուածքներով պար կը բռնեն արեւահամ հայրենիքի երկնակամարին վրայ: Մոխրաթեւ 100ամեայ փիւնիկը մաքրեր է արդէն իր այրած բոյնը հին, վերանորոգեր է վանքերն ու կանգներ նոր եկեղեցիներ տուֆաշէն: Ան իր նորաբոյս փետուրներով առաւել կը ջերմացնէ իր բոյնը, մայրենի իր ծոցը, համայն հայութեան յաւերժական հանգրուանը՝ Մայր Հայաստանը: