ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդային պոռթկումներուն իբրեւ արձագանգ, անցեալին հնչած են եւ հիմա եւս կը լսենք այնպիսի մեղադրական արտայայտութիւններ, ինչպիսին է՝ փոխանակ ցոյցի դուրս գալու, ցուցարարները ժամանակին թող տասը հազար դրամ կամ ինչ որ ուրիշ գումար կաշառք չվերցնէին ու իրենց նախընտրած թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկէին:
Չէ՛, հազար անգամ չէ՛: Նոյնիսկ կաշառք առնելով՝ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն քուէ տուող հայ մարդը բարոյական ամբողջական իրաւունքը ունի ցոյցի դուրս գալու: Փողոց դուրս գալով՝ ան պարզապէս իր զայրոյթն է որ կը յայտնէ զինք նուաստացումի դատապարտած, զինք տասը հազար դրամ կաշառք առնելու հոգեվիճակին մատնած իշխանաւորներուն դէմ:
Առաւել եւս, այսօրուան ցոյցերուն երիտասարդներու մեծաթիւ մասնակցութիւնը կարելի է նկատել նոյն այդ նուաստացման դէմ պոռթկալու պահանջ: Արդարեւ, այս երիտասարդներն են, որոնք իրենց ծնողներուն, իրենց անմիջական հարազատներուն, իրենց հարեւաններուն աչքերուն մէջ տեսած են անզօրութեան զգացումը, ամբողջակա՛ն բարոյալքումը, երբ անոնք իրենց ընտանիքի օրուան հացը ապահովելու համար ձեռք մեկնած են ստանալու հազար դրամը:
Այս երիտասարդները այսօր կը պայքարին յանուն իրենց խեղճացած ծնողներուն, յանուն անոնց արժանապատուութեան: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ծաղրելու մեր ծնողները՝ կը յայտարարեն նուաստացման խարանէն ազատագրուած երիտասարդները. անոնք զոհեր են, զոհեր են անարդա՛ր համակարգին, զոհեր են անյագ կաշառակերութիւնը սկզբունք դարձուցած իշխանաւորներու: Ամէն կաշկանդումէ ազատագրուած ա՛յս երիտասարդներն են, որոնք պիտի բուժեն մեր ժողովուրդը համակերպումի, անյուսութեան, անզօրութեան խոցերէն եւ պիտի ապահովեն մեր երկրին, մեր անկախ հանրապետութեան փայլուն ապագան:
Յարգա՛նք մեր երիտասարդներուն:
Բարեւ,
Խնդրեմ, յստակացնէք՝ ձեր Շրջանը անջատուա՞ծ է մնացեալ Հ.Յ.Դ. Կուսակցութենէն:
Լուրջ եւ իսկական հարցում է, հոգս ալ չէ եթէ այդպէս է (ես ինքս հրաժարած եմ շարքերէն, բայց այս նիւթին հետ բնաւ կապ չունի, ոչ ալ որեւէ այլ, մասնայատուկ նիւթի), միայն թէ կ’ուզեմ գիտնալ թէ ինչ կ’ըլլայ կոր:
Կանխայայտ շնորհակալութեան լուսաբանման համար
Հայդուկ
Ապրին քեզի պէսդաժնակցականները
Երանի՜ արտատպէք «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆի հոյակա՛պ յօդուածը՝ http://www.aztagdaily.com/archives/391151#comment-64346